ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Միտիա».- «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կտրականապէս դէմ է ԼՂՀ յարակից որեւէ տարածք վերադարձնելուն եւ գտնում է, որ պէտք է մշակել յարակից շրջանների վերաբնակեցման պետական քաղաքականութիւն», Յունիս 25ին Երեւանի «Փաստարկ» ակումբին մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ Դատի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան:
Ան անդրադարձաւ նաեւ Թուրքիոյ ներքաղաքական զարգացումներուն եւ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրէսին մէջ Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի շուրջ քննարկումներուն: «Առնուազն 2 տարի Ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացքում էական առաջընթաց չի արձանագրուի, քանի որ թէ՛ միջնորդները եւ թէ շահագրգիռ կողմերը զբաղուած են տարածաշրջանային այլ խնդիրներով», ըսաւ ան եւ առաջարկեց այդ ընթացքին աշխուժացնել յատկապէս քարոզչական դիւանագիտութիւնը եւ ԼՂՀ յարակից բոլոր շրջաններուն մէջ սկսիլ վերաբնակեցման պետական քաղաքականութիւն. «Կարեւոր է, որ ժողովրդի մէջ արմատանայ մտայնութիւնը, թէ որեւէ տարածք չի վերադարձուելու, սա արդէն Հ.Յ.Դ. տեսակէտն է:
«Մենք ցանկացած տարածք տալուն դէմ ենք: Իսկ խօսել տարածքների մասին, պէտք է լինի ոչ թէ վարչական տարածքների հիման վրայ, Քելբաջար է, Լաչին է, Զանգելան է եւ այլն, այլ անվտանգութեան սկզբունքներից ելնելով», ըսաւ Հ.Յ.Դ. Բիւրոյի քաղաքական հարցերու եւ Հայ Դատի պատասխանատուն եւ աւելցուց, որ վատ է, որ պաշտօնական մակարդակով կը խօսուի տարածքներու վերադարձի մասին, նոյնիսկ եթէ այդ կը կատարուի մարտավարական առումներով:
«Պատերազմը սկսել է Ատրպէյճանը, եւ մենք գրաւել ենք այդ հողերը՝ ստեղծելով անվտանգութեան գօտի: Իսկ այն, որ ԵԱՀԿ ՄԽ համանախագահները շտապում են, հասկանալի է. նրանք պէտք է արդարացնեն սեփական գործունէութիւնը եւ թոյլ չտան հակամարտութեան ռազմական կարգաւորում», նկատել տուաւ ան:
Խօսելով բանակցային ձեւաչափի փոփոխութեան մասին, ան ընդգծեց, որ ԼՂՀ նոր նախագահի առաջին քայլը պէտք է ըլլայ բանակցութիւններուն Ստեփանակերտի մասնակցութեան պահանջը եւ Երեւանը հիմք ընդունելով բանակցութիւններու արդիւնաւէտութիւնը եւ պայմանաւորուածութիւններէն հրաժարելու Պաքուի սովորութիւնը, պէտք է կա՛մ ճանչնայ Ղարաբաղի անկախութիւնը եւ կամ զայն վերամիացնէ Հայաստանին:
ԱՌԱՉՆԱՀԵՐԹՈՒԹԻՒՆ ՉԷ
Կիրօ Մանոյեան յայտարարեց նաեւ, որ ներկայիս ԵԱՀԿ Մինսքի խումբի համանախագահները զբաղած են տարածաշրջանին մէջ իրենց սեփական հարցերով եւ անոնց համար Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան հարցը առաջնահերթ չէ:
«Հակամարտութեան կարգաւորումը կախուած է կողմերից: Սակայն Ատրպէյճանն առաջուայ պէս պատրաստ չէ կառուցողական քայլերի, այլ՝ յուսով է ռազմական ուժը հզօրացնել նաւթի ու կազի միջոցով: Քանի դեռ չեն փոխուել Հայաստանի, Ատրպէյճանի, ԱՄՆի, Ռուսաստանի եւ Թուրքիայի նախագահները, հակամարտութեան կարգաւորման հարցում որեւէ առաջընթաց չի լինի», ըսաւ Կ. Մանոյեան: Ան աւելցուց, որ «համաշխարհային հանրութիւնն արդէն համոզուել է, որ Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորումը երկար ժամանակ է պահանջում: Ատրպէյճանի համար աւելի լաւ կը լինի, եթէ նա հասկանայ, որ ընտրութիւնը գնում է ԼՂՀ անկախութեան եւ Հայաստանին միանալու միջեւ, եւ բանակցութիւններն այսօր տարւում են բացառապէս Լեռնային Ղարաբաղի կարգավիճակը որոշելու հարցով»:
ՉԱՒԱԽՔ
Անդրադառնալով Չաւախքի մէջ թուրք մցխէթցիներ բնակեցնելու հարցին, Կիրօ Մանոյեան ըսաւ, թէ հոն «հայ բնակչութեանը թուրք մցխէթցիների հայրենադարձման հարցում օգտագործելն արմատապէս սխալ է»: Իր կարծիքով, թուրք մցխէթցիները պէտք է վերադառնան այնտեղ, որտեղ ապրած են մինչեւ իրենց տարագրուիլը Ստալինի կողմէ: «Այժմ նրանց տներում վրացիներ են ապրում, այնպէս որ՝ Չաւախքի հայերի համար այդ հարցն արդիական չէ: Սամցխէ-Չաւախք շրջանը շատ մեծ է, աւելին՝ հայրենադարձներին նախատեսւում է ամբողջ Վրաստանում բնակեցնել: Եթէ Վրաստանը կատարի Եւրոպայի խորհրդի առջեւ ստանձնած բոլոր պարտաւորութիւնները, ապա ջաւախքահայերն աւելի քիչ խնդիրներ կ’ունենան», ընդգծեց Կ. Մանոյեան: