ԳՐԻԳՈՐ ԱՐՔ. ՉԻՖԹՃԵԱՆ

Գիտութիւնը որքան ալ բացատրութիւններ փորձէ տալ հաւանական այլ աշխարհներու մասին, անիկա ցարդ չէ յաջողած մեր Երկիր մոլորակէն բացի բնակելի եւ մարդով լեցուն այլ մոլորակ մը յայտնաբերել: Մաղթենք, որ մեր այս տողերը երբ մարդիկ կարդան, արդէն իսկ յայտնաբերուած ըլլայ նման մոլորակ մը, սակայն մինչեւ այս տողերուն գրառումը, նման մոլորակի մը մասին աշխարհը տեղեկութիւն չունի: Ուրեմն, կասկած չկայ, որ ապրող բոլոր մարդիկ նոյն մոլորակին վրայ կը գտնուին, թող որ նոյնիսկ մեր մեռելներն ալ, նոյնպէս այստեղ թաղուած են:
Այս աշխարհէն բացի եթէ այլ տեղ չկայ բնակութիւն հաստատելու, ուրեմն պահ մը պատկերացուցէք, որ բոլորն ալ այստեղ են՝ մեծն ու փոքր, լաւն ու վատը, բարին ու չարը, սուրբն ու ոճրագործը, անմեղն ու աւազակը, մէկ խօսքով՝ բոլորը նոյն տեղը կ՛ապրին, երբեմն կողք-կողքի՝ այնքան մօտիկ իրարու:
Ոմանց համար այս միջավայյրը շատ բնական է, եւ ուսուցողական. այլապէս օրինակելին ինչպէ՞ս օրինակ պիտի հանդիսանար ապօրինիին: Շատ պարագաներու, բարի մարդոց տիպար օրինակը դարձի բերած է ապօրինի կեանքով ապրող մարդիկ, արթնցնելով անոնց վաղո՜ւց ննջած խիղճը: Ուրեմն, ժխտական երեւոյթ չէ հակադիր տիպարներու նոյն վայրին մէջ գտնուիլը: Ճիշդ է, որ յաճախ լաւն ու բարին տուժող իրավիճակներու մէջ կը յայտնուին, սակայն անոնց բացակայութիւնը իսկական քաոս պիտի դառնար շրջապատին համար:
Սէրը, որ դաստիարակութեան սիրտը եւ հոգին է, իր դրական ներկայութեամբ կը պարուրէ շրջապատը, համերաշխութեան բոյրը տարածելով ամէնուրեք. սակայն, իր ստացած հարուածներուն պատճառով, անիկա, յաճախ ժամանակաւորապէս, կը կորսնցնէ իր ուժը, որոշ ատեն անզգալի դառնալով շրջապատին մէջ: Սակայն, կարճ ժամանակ ետք, դարձեալ կը յայտնուի անիկա, գուցէ վիրաւոր, բայց միշտ պատրաստ սաւառնելու մարդոց կեանքի երկնակամարին վրայ, միշտ համերաշխութեան քարոզիչը հանդիսանալով:
Սէրը մարդկային կեանքին մէջ բարիքի աղբիւրն է, որ իր օրինակը առած է Սիրոյ աղբիւրէն՝ Աստծումէ: Մարդոց կողմէ արտայայտուած սիրոյ բոլոր տեսակները պայմանաւոր են, որովհետեւ միշտ առնչութիւն ունին շահի հետ: Առանց շահի, կամ բիւրեղ սիրոյ միակ օրինակը Աստուած ինք է, որ իր էութեամբ սէր է, եւ ոչ թէ միայն սիրոյ գործադրողը:
Մարդիկ նոյնիսկ մէկ պահուան համար ալ չեն խորհիր, որ ուրիշին ըրած իրենց վատութիւնը այդ պահուան մէջ չի՛ սահմանափակուիր միայն. իրենց յետնորդ սերունդները՝ զաւակներ, թոռներ պիտի կրեն անոր հետեւանքները: Այս վերջինները ստիպուած պիտի ըլլան պատասխան տալու բոլոր այն գործերուն, զորս իրենց նախնիները կատարած են, ու անցած: Այո, անոնք նոյնիսկ մեռած ըլլան, սակայն անոնց կատարածին ծանրութիւնը, իրենց յաջորդողներու ուսերուն պիտի յայտնուի: Նոյն սկզբունքով չէ՞, որ հայ ազգը պահանջատէր է թրքական կառավարութենէն, իր նախնիներուն թափած արեան համար պատասխանատւութեան կանչելով Օսմանեան կայսրութեան յետնորդ թուրքերը: Անոնց նախահայրերը չմտածեցին, որ իրենց գործած ոճիրը իրենց յետնորդներուն ուսերուն պիտի բարդուի: Միակողմանի մտածողութիւնը եւ տարածաշրջանի բնիկ տարրը տարհանելու ծրագիրը եթէ այնքան բնական կը թուէր թուրքին, շատ անբնական ու ցեղասպանութիւն էր հայ ժողովուրդին համար:
Բնական իրավիճակը միշտ յարաբերական է: Մէկուն համար բնականը, ուրիշին համար անբնականն է: Բնութենէն առնենք օրինակը, որպէսզի աւելի լաւ հասկնանք սոյն կացութիւնը. այսպէս, սարդին համար ոստայն հիւսելը շատ բնական եւ կենսական երեւոյթ մըն է, որ իր գոյութեան երաշխիքն է, իսկ անոր լարերուն մէջ բռնուող թռչող միջատին համար՝ իսկական աղէտ…: Երկուքն ալ նոյն միջավայրի ծնունդ եւ նոյն շրջապատին մէջ իրենց գոյութիւնը պահպանելու լծուած գոյութիւններ են: Մէկուն բարիքը՝ միւսին չարիք: Մէկուն մարմինը, միւսին թակարդին զոհ եւ ստամոքսին՝ կեր: Ահա՛ թէ ինչպէ՛ս այս աշխարհի մէջ բնական իրավիճակ գոյութիւն չունի: Անտառին օրէնքը նոյնը չէ՞. հոն ալ իրաւունքը զօրաւորին կը պատկանի, իսկ տկարը՝ միայն ճիշդ ժամանակին կատարած իր փախուստով կը փրկուի:
Մարդը բնութենէն հեռու չէ: Այն բոլոր բաները, որոնք կենդանական աշխարհի բնազդային դրութեան կը պատկանին, մեծ մասամբ նաեւ իրեն կը վերաբերին: Բանականութիւնն է միայն, որ իր շինիչ դերակատարութեամբ մարդը պիտի զանազանէ բնութեան մէջ շնչող միւս գոյութիւններէն. այլապէս արթննալու, ուտելու, քնանալու, մէկ խօսքով՝ գոյատեւելու երեւոյթը բոլորին հասարակաց է:
Կեանքի ընթացքին յաջողելու երկու կերպեր կան. մէկը արագ վերելքը, իսկ միւսը՝ դանդաղ ընթացքով արձանագրուած յաջողութիւնը: Մարդիկ նոյն կարողութիւնը չունին: Սակայն երկրորդ պարագային՝ դանդաղ ընթացքով տեղ հասնելու երեւոյթը, աւելի զօրեղ հիմերու վրայ կը դնէ կեանքը: Տեսնուած է, որ շուտով «տեղ հասած» անձեր այլեւս ընելիք չունենալով՝ վերջ տուած են իրենց կեանքին: Ոմանց այնպէս կը թուի, որ կեանքը շատ կարճ է: Տարբեր իմաստներ ունի այս խօսքը, որ յարաբերաբար մեր կեանքին մէջ յայտնուած կացութեան, սովոր ենք արտասանել: Սակայն, Աստուած մարդուն տուած է կեանքի այնքան ժամանակ, որ կարենայ հանգիստ ընթացքով իրագործել զայն, եւ ծրագրուած կերպով իրականացնել իր նպատակակէտերը:
Առաջին ձեւը անհամբեր մարդոց կենցաղակերպն է, որ ընդհանրապէս նոր սերունդի ներկայ մտածողութեան մէջ տեղ գտած է: Հազիւ ուսումը աւարտած՝ երիտասարդութիւնը բարձրագոյն դիրքերու կը ջանայ հասնիլ, թէ՛ պաշտօնի առումով եւ թէ նիւթապէս: Մեղաւոր չէ նոր սերունդը, որովհետեւ ներկայ արհեստագիտութիւնը փոքր ոստումներով չի՛ յառաջանար, այլ արագասոյր կ՛ընթանայ, եւ ան որ ուշանայ, «կորսնցուցած կ՛ըլլայ խաղը»: Այս հեւքին մէջ է որ բարին եւ չարը իրարու կը խառնուին…: Իր՝ ինքնութիւն կերտելու մոլուցքին մէջ, երիտասարդութիւնը տարբերութիւն չի՛ դներ մարդոց միջեւ, անոնք ըլլան բարի, չար, համեստ, հպարտ, աղքատ կամ հարուստ: Վերոյիշեալները անոր աչքին կը կորսնցնեն իրենց իսկական գոյները եւ ընդհանրապէս միագոյն կ՛երեւին:
Ահա՛ թէ ինչպէ՛ս աշխարհը կը դառնայ քաոս: Երեւակայեցէք պահ մը, երբ ամէն ինչ «միագոյն» տեսնէր ձեր աչքը, կամ տարբերութիւն չկարենայիք դնել ձեր մօր եւ սովորական այլ կնոջ մը միջեւ…: Ողբերգական սոյն իրավիճակէն շատ հեռու չեն ներկայ ժամանակները: Ամէն մարդ իր անձնական պատեանին մէջ պարփակուած է: Երբեմն սեփական բջիջային հեռաձայնի պաստառը աւելի հարազատ է, քան իսկական հարազատ մը…: Այո՛, բջիջային հեռաձայնի մը հետ անցուցած ժամանակը եթէ մէկը տրամադրէր հարազատի մը հետ երկխօսութեան, որքա՜ն աւելի արդիւնաւէտ պիտի դառնար մարդկային ընկերութեան կեանքը…:
Բոլորը նոյն տեղը կ՛ապրին. անոր կասկած չունինք. բարին եւ չարը հաւասարապէս տիրակալներն են այս աշխարհին: Մարդուն յատուկ ազատ կամքն է, որ պիտի փրկէ մեզ այս անել կացութենէն: Բանականութեամբ յատկանշուող եւ կենդանական աշխարհէն զանազանուող մարդը պիտի գործածէ՞ արդեօք իր այս իւրայատկութիւնը. մեծ կասկած կայ այս մասին…: