ՆՈՐԱՅՐ ՏԱՏՈՒՐԵԱՆ

Երեւանի Աբովեան պողոտային վրայ, երբ կը քալէինք Անի պանդոկէն դէպի հրապարակ ու այլեւս մօտեցած էինք նախկին «Մանկական Աշխարհ» հանրախանութին, աքորտէոնի ձայն մը պատճառ եղաւ, որ աշակերտներս ու ես կանգ առնենք եւ ունկնդրենք հին մեղեդի մը. «Կարաբալա, Կարաբալա, ծաղկավաճառ ծերունի…»: Երբ երգը հասաւ իր աւարտին, մտածեցի, թէ մայրաքաղաքի բնակիչներուն համար ի՛նչ սիրելի հեքիաթ-պատմութիւն է Կարաբալայի կերպարը. «Երբ քայլում եմ Երեւանի Աբովեանի փողոցով / կարծես մէկը շշնջում է ծերունազարդ իր ձայնով…»:
– Պարո՛ն, ո՞վ էր Կարաբալան,- կը հարցնէ Էլենը:
– Բախտաւորութիւնը չեմ ունեցած զինք ճանչնալու,- կը պատասխանեմ,- սակայն ծանօթ եմ այդ բարեհամբոյր պարոնին պատմութեան:
Այսօր, յարգելի ընթերցող, երբ ծաղկավաճառի երգը դեռ կը պտըտուի միտքիս մէջ, կը փափաքիմ 1920ականներու այդ յուզիչ պատմութիւնը բաժնել ձեզի հետ:
ՍԵՒ ՏՂԱՅ ՄԸ
Հին Երեւանի յայտնի կերպար, այժմ հեքիաթի վերածուած, ծաղկավաճառ Ստեփան Յարութիւնեանն էր Կարաբալան: Ան «կարաբալա» կոչուած էր, որովհետեւ թխամորթ էր. «կարա» կը նշանակէ սեւ, իսկ «բալա»՝ տղայ: Կարաբալան Երեւան ծնաւ, 1900 թուականին, երբ հայոց մերօրեայ մայրաքաղաքը Ռուսական կայսրութեան Կովկասի փոխարքայութեան հազիւ նշմարելի բնակավայր մըն էր՝ իր չափերով զիջելով շատ աւելի զարգացած Կիւմրիին: Ըստ ընդունուած զրոյցի, Կարաբալան ունեւորի զաւակ էր: Ընտանիքը ունէր ծաղիկներու «Ֆլորա» ընդարձակ տնկարանները (այժմ՝ մեթրոյի «Երիտասարդական» կայարանը): Խորհրդային տարիներուն, Կարաբալան կը շարունակէ ծաղկավաճառութեամբ զբաղիլ: Կ՛ամուսնանայ Աշխէն անունով աղջկայ մը հետ եւ կ՛ունենայ զաւակ:
ԶԱՄԲԻՒՂԻ ԾԱՂԻԿՆԵՐԸ
Կարաբալայի զամբիւղը լի է եղած բուրումնաւէտ ծաղիկներով: Ան Աբովեան պողոտային վրայ ամէն օր քանի մը անգամ կը յայտնուէր: Թէեւ վաճառքի համար էին իր ծաղիկները, սակայն նուրբ հոգիի մը տէր մարդը զանոնք կը նուիրէր սիրունատես օրիորդներուն, երբ յատկապէս անոնք սիրալիր վերաբերմունք եւ ժպիտ կը շնորհէին անոր: Կարաբալայէն ծաղիկ ստացողներէն մէկը եւ ծաղկավաճառի կեանքին անսպասելիօրէն դժբախտ ուղղութիւն տուողը պիտի ըլլար այդ օրերու յայտնի եւ գրաւիչ դերասանուհիներէն՝ Արուսը: Քիչ ետք պիտի անդրադառնամ այդ գեղեցկուհիին: Սակայն, արտօնեցէ՛ք, որ աշակերտներս հրապարակին վրայ ծաղիկներ վաճառող պառաւէ մը գնեն վարդեր եւ մեխակներ, կարմի՛ր, անկասկած…

– Բարեւ, մեզի 14 հատ վարդ եւ մեխակ պէտք է:
– Էս սիրուն աղջիկների՞ համար:
– Չէ՛, Կարաբալայի համար:
– Հասկացայ: Գիտէք, չէ՞, արձանը կանգնած է Աբովեանի վրայ, մի քիչ վերեւ… 14 հազար դրամ:
– Շնորհակալութի՛ւն:
ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԱՍՏՂԸ
Պոլսահայ դերասանուհի էր՝ բարեկեցիկ ընտանիքի դուստր, «Եսայեան» վարժարանի շրջանաւարտ, ուտ եւ մանտոլին նուագող, Ազգային հիւանդանոցի-որբանոցի ուսուցիչ, բանաստեղծուհի Սիպիլի հայրենասիրական շունչով դաստիարակուած շնորհալի Արուսը: Երիտասարդ Արուսին կը գրաւէ բեմը: Ան, Սիպիլի օրհնութեամբ, կ՛անդամակցի Աբէլեան-Արմէնեան թատերախումբին: Անոնց հետ կը մեկնի Կովկաս: Կ՛ամուսնանայ թատերախումբի դերասան Յովսէփ Ոսկանեանի հետ: Երիտասարդ ամոլը բնակութիւն կը հաստատէ հայկական բեմական արուեստի աշխոյժ քաղաք Պաքուի մէջ: Երիտասարդ դերասանուհին բեմ կը բարձրանայ նաեւ Պաքուի արուարձաններուն՝ Արմէնի-քենտի, Բալախանիի եւ Սեւ Քաղաքի մէջ: Թիֆլիսի մէջ, Արուսը հանդէս կու գայ Հայոց թատերական ընկերութեան կազմին մէջ ու վերջնականապէս կը հաստատուի Երեւան, որոշում մը, որ բախտորոշ պիտի ըլլար Կարաբալայի համար:
ԴԱՆԱԿԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆ ՅԱՆՈՒՆ ՍԻՐՈՅ
Կարաբալան կը նկատէ Աբովեան պողոտային վրայ թատրոնէն տուն վերադարձող Արուսը: Սիրավառ մարդը ամէն օր նոյն ժամուն անհամբեր կը սպասէ, որ յայտնուի Արուսը՝ անոր ծաղիկ մը նուիրելու յոյսով: 1926 թուականին, Կարաբալան Արուսը հետապնդող օտար երիտասարդ մը կը դանակահարէ ու կը յայտնուի Երեւանի ուղղիչ տան մէջ: Իր բանտակի՞ցը… Նոյն յանցանքով բանտարկուած Եղիշէ Չարենցն էր: Բանաստեղծը իր յիշատակարանին մէջ կը գրէ. «…Երգեցին ու պարեցին մի շարք կալանաւորներ… Կարաբալան, Երեւանի հռչակաւոր ծաղիկ ծախողը, որ Ուղղիչ Տուն էր ընկել՝ մէկին դանակով վիրաւորելու համար»:
ՀԱՅ ԲԱՆԱՍՏԵՂԾԸ՝ ԿԱՐԱԲԱԼԱՅԻ ՀԱՄԱՐ
Մայրաքաղաքի բարեսիրտ, ժպտերես, ազնիւ բնակիչը, եւ սա զարմանալի չէ, արժանացաւ հայ բանաստեղծին սիրալիր ուշադրութեան: Անոր արժէքը գրականօրէն արտայայտող առաջին մարդն էր Եղիշէ Չարենցը, որ ծաղկավաճառին նուիրեց հետեւեալ տողիկները. «Հագնում էր նա մէկ մակինթոշ, / Մէկ էլ տեսար՝ չուլ ու փալաս, / Չգիտէիր՝ արտի՞ստ է նա, / Թէ՞ ծաղիկ ծախող Կարա-Բալա»: Ապա Համօ Սահեանն էր, որ պատառիկ մը գրի առաւ. «Ծաղիկ ծախող Կարաբալան / Յայտնի մարդ է Երեւանում, / Ամէնքի հետ քէֆ է անում / Ծաղիկ ծախող Կարաբալան»:
ՔԱՐԱՑԱԾ ԾԱՂԻԿՆԵՐԸ
«Ծաղկավաճառ Ծերունին». այսպէս կը կոչուի քանդակագործ Լեւոն Թոքմաճեանի քանդակած 2 մեթր բարձրութիւն ունեցող արձանը: Կարաբալայի պղնձաձոյլ մարմնացումն է անիկա՝ թեւէն կախուած զամբիւղով եւ գլխուն ծրած-մրած գլխարկով: Անիկա տեղադրուած է Աբովեան պողոտային վրայ՝ նախկին «Մանկական Աշխարհ» հանրախանութին առջեւ:
ՍԱՌԱԾ ՍԷՐԸ
Բանտէն արձակուած Կարաբալան իր ծաղկանոցը կը գտնէ քանդուած: Աշխէնը արդէն լքած էր զինք: Կարաբալան իր վերջին տարիներուն, ընկճուած, անցորդներէն սէր եւ համակրանք յուսալով կը շարունակէ ծաղիկներ նուիրել անցորդներուն: Ան գիշերային ժամերուն բնակութիւն կը գտնէ հանրախանութի պահեստանոցի մէջ: Իսկ օր մըն ալ, 1970ի ձմրան, զայն կը գտնեն մայթի վրայ ցրտահար, մահացած:
ՎԱՐԴԵՐ ԶԱՄԲԻՒՂԻ ՄԷՋ
Ի՞նչ կը մնայ կեանքէն, կը հարցնէր Թէքէեանը: Տարօրինակ, ի՛նչ որ տուիր ուրիշին՝ ա՛ն միայն: Այսօր Կարաբալայի նուիրած ծաղիկները մէկիկ-մէկիկ կը վերադառնան՝ աւելի անուշցած: Մայրաքաղաքի օրիորդիկներ, կամ քաղաքի պատմութեան ծանօթ օտարներ, ինչպէս մենք, ժպիտով եւ համակրանքով ծաղիկ մը կը դնենք անոր զամբիւղին մէջ:
– Պարո՛ն, կ՛ուզեմ Կարաբալային հետ լուսանկարուիլ:
Արձանին առջեւ աշակերտուհիները կը լուսանկարուին՝ վարդ մը նուիրելով ծաղկավաճառին:
ԲՈՒՐՈՒՄՆԱՒԷՏ ԱՒԱՐՏ ՄԸ
Կարաբալան, այսօր, շնորհիւ մայրաքաղաքի բնակիչներու բարեխիղճ յիշողութեան եւ ուշադրութեան, կը շարունակէ ապրիլ՝ թէեւ քարացած, կամ՝ պղնձաձոյլ: Սակայն, անոր զամբիւղին ծաղիկները թարմ են եւ բուրումնաւէտ, այնպէս, ինչպէս էին հարիւր տարի առաջ… Յարգելի՛ ընթերցող, ամէն պատմութիւն կամ առասպել ունի իր աւարտը: Այժմ, ես կ՛առաջարկեմ անգամ մը եւս ականջ տալ Աբովեանի վրայ հնչած այդ հին եղանակին՝ երգիչ Պապին Պօղոսեանի նուէրը Կարաբալային, ու հրաժեշտ տալ Երեւանի սիրելի բնակիչին.
«Կարաբալան է կանգնել
Դողդողացող նրա ձեռքին
Ծաղիկներ են քարացել:
Կարաբալա, Կարաբալա
Ծաղկավաճառ ծերունի
Ծաղիկներիդ անոյշ բոյրը
Ոչ մի ծաղիկ դեռ չունի»: