ՀԱՐՑԱԶՐՈՅՑ ՊԱՏՄԱԲԱՆ ՏԻԳՐԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆԻ ՀԵՏ

Վարեց՝ ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Հոկտեմբերի վերջերը Պրիւքսէլի մէջ կայանալիք Փաշինեան-Ալիեւ հանդիպումը յետաձգուեցաւ։ Ինչպէ՞ս կը բացատրէք։ Հանդիպումը դրական ազդակներ ունէ՞ր Հայաստանի համար։
ՏԻԳՐԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Այն ինչ որ պէտք էր Ալիեւին, ան արդէն ստացած է Արեւմուտքէն, Փրակայի հանդիպումէն ետք։ Արեւմուտքին պէտք է, որ Ռուսիան մեղսակից դառնայ, հետեւաբար Ռուսիոյ մէջ պէտք է խաղաղութեան վերջնական պայմանագիրը կնքուի, որպէսզի հայերու հակառուսականութիւնը իր հետեւանքները ունենայ։ Այսինքն նաեւ Հայաստանէն ռուսերու դուրս գալը։ Արեւմուտքը համաձայն էր, որ Արցախը յանձնուի Ատրպէյճանին, բայց դիւանագիտականօրէն զայն քօղարկեց։ Այնպէս որ, ոչ մէկ դրական բան կար այդտեղ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Որքանով ճիշդ է «3+3» ձեւաչափին Հայաստանի մասնակցութիւնը, ուր մենք ունինք երկու հարեւան թշնամիներ, ոչ վստահելի դաշնակից եւ երկու չէզոք հարեւաններ։
ՏԻԳՐԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- «3+3» բանակցային ձևաչափը մեզի համար այլընտրանք չունի, Հայաստանը կամայ թէ ակամայ պիտի մասնակցի։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Արցախի հայաթափումէն ետք, ռուս խաղաղապահներու դերակատարութիւնը ի՞նչ պիտի ըլլայ այնտեղ։
ՏԻԳՐԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Ռուս խաղաղապահները դուրս կ՛ելլեն Արցախէն։ Ռուսերու մօտ նոյն իրավիճակն է, ինչպէս որ էր 1917ին, երբ Ռուսիա, առանց ուզելու, ստիպուած լքեց մեր տարածաշրջանը։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Հայութեան մեծամասնութեան մէջ կար այն համոզումը, թէ Արցախի հայութինը կը մնայ իր հողին վրայ այնքան ժամանակ, որ ռուս խաղաղապահները կը գտնուին այնտեղ, որովհետեւ անոնց ներկայութիւնը պայմանաւորուած էր արցախահայութեան անվտանգութեամբ։ Ի՞նչ պատահեցաւ, որ ռուսերը համաձայնեցան Արցախի հայաթափման։
ՏԻԳՐԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Մենք կորսնցուցինք Արցախը յաւերժ, ինչպէս Նախիջեւանը եւ միւս հայապատկան հողերը, չնայած անոր, Հայ Դատի եւ պահանջատիրութեան ծրագիրներուն մէջ անիկա կը մնայ որպէս ռազմավարութիւն։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Արցախահայութեան հետ հանդիպման ժամանակ, Սամուէլ Շահրամանեանը յայտարարեց, թէ հակառակ ստորագրուած փաստաթուղթին, Արցախի Հանրապետութիւնը լուծարուած չէ։ Ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէք այս յայտարարութիւնը։
ՏԻԳՐԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Սամուէլ Շահրամանեանի վերոնշեալ յայտարարութիւնը ընդամէնը ամբոխին հանգստացնելու համար էր։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Որքանո՞վ նպատակայարմար կը գտնէք վտարանդի կառավարութեան կազմութիւնը եւ անոր գործունէութիւնը Հայաստանի մէջ պատրուակ չէ՞ Ատրպէյճանին՝ Հայաստանի դէմ պատերազմ ձեռնարկելու։՝
ՏԻԳՐԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Վտարանդի կառավարութեան ստեղծումը զուտ թրքական ծրագիր է․ նպատակը՝ փրկել Ատրպէյճանը ցեղասպան լինելու փաստէն։ Որպէսզի աշխարհին ցոյց տրուի որ ցեղային զտում չէ եղած, քանի որ հայերը նորէն վերադարձան։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Հայաստանի իշխանութիւնները կը մեղադրուին դէպի Արեւմուտք թեքելու քաղաքականութեամբ։ Որքանո՞վ ճիշդ կը համարէք այս մեղադրանքը եւ որքանով Արեւմուտքին շահերը կը համընկնին Հայաստանի շահերուն հետ։ Եւ արդեօ՞ք Արեւմուտքը կրնայ մեր անվտանգութեան երաշխաւորը ըլլալ։
ՏԻԳՐԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Ես արեւմտամէտ ըլլալով, վախ ունիմ, որ հիմա Արեւմուտքին համար Հայաստանը ոչ մէկ հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ, որովհետեւ մենք կշիռ չունինք։ Հայաստան պատրաստ չէ Ատրպէյճանի դէմ պատերազմի, որովհետեւ 2021էն մինչեւ այսօր զէնքի հարց չէ լուծուած։ Ռուսիայէն զենք չի գար, իսկ Ֆրանսայէն դեռ հարց է, թէ կու գայ թէ ոչ։ Շատ կարեւոր հարց մը կայ, թէ ո՞ր ճանապարհով պիտի գայ այդ զէնքը։ Թուրքերը որպէսզի ալ աւելի վատթարացնեն հայ-ռուսական յարաբերութիւնները հնարաւոր է, որ առաջին խմբաքանակը թոյլ տան Վրաստանի տարածքով մուտք գործէ Հայաստան։ Բայց հազիւ պատերազմը սկսաւ, անոնք կը փակեն նաեւ այդ ճամբան։ Եւ այն ատեն կ՛երեւի, թէ Արեւմուտքը կրնայ դառնա՞լ մեր անվտանգութեան երաշխաւորը, թէ ոչ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Արեւմուտքի հետ յարաբերութիւններու սերտացման առընթեր, սկսած են լարուիլ հայ-ռուսական յարաբերութիւնները։ Ռուսիա ի վիճակի՞ է տակաւին Հայաստանի անվտանգութեան երաշխաւորը ըլլալ։ Ի՞նչ վտանգներ կը պարունակէ իր մէջ ռուսական ազգեցութեան գօտիէն դուրս գալու կոչերն ու քաղաքականութիւնը։
ՏԻԳՐԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Ռուսիոյ մասով շատ կարեւոր բան կ՛ուզեմ ըսել։ Գաղտիք չէ, որ Հայաստան ինչ աստիճանի տնտեսական կախուածութիւն ունի Ռուսիայէն։ Ուժանիւթի ճգնաժամ կրնայ սկսիլ, այսինքն կը կրկնուին 90֊ականներու ցուրտ ու մութ տարիները։ Արդեօ՞ք կը դիմանանք այս անգամ։ Հայաստանի գիւղմթերքի հիմնական շուկան Ռուսիան է։ Եթէ արգելք դրուի, ի՞նչ պիտի ընենք։ Վերջապես 2․5 միլիոն հայութիւն ունինք Ռուսիոյ մէջ։ Տարեկան 2 միլիառ տոլարէն աւելի գումար կու գայ Հայաստան, այդ նոյն Ռուսիայէն, հիմա եթէ չգայ այդ գումարը, ինչ կ՛ըլլայ։ Հիւլէակայանի հումքը եւ թափօնը միայն Ռուսիան կ՛ապահովէ, նոյնպէս՝ գազամատակարարումը։ Ասոնք խնդիրներ են եւ հարց է, թէ ինչպէս պիտի լուծուին, եթէ Ռուսիոյ համար դառնանք ոչ բարեկամ երկիր։ Ռուսիա մեզ շատ վատութիւններ ըրած է, բայց միաժամանակ անկեղծօրեէն պիտի ըսել, որ լաւ թէ վատ նոյն Ռուսիոյ շնորհիւ է որ կայ այս Հայաստանը։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Վերջին շրջանին բաւական աշխուժացած են հայ-ֆրանսական յարաբերութիւնները։ Արդէն կը խօսուի ֆրանսական զէնքերու գնումի մասին։ Ինչո՞վ պայմանաւորուած է Ֆրանսայի հեաաքրքրութիւնը Հայաստանի նկատմամբ։ Այս հետաքրքրութիւնը պէտք է դիտել առհասարակ արեւմտեան պրիսմակէ՞ն թէ զուտ ֆրանսական քաղաքականութիւն է։
ՏԻԳՐԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Եթէ Արեւմուտքը չազդեց Թուրքիոյ վրայ, որ ֆրանսական երկրորդ, երրորդ եւայլն խմբաքանակի զէնքերը մուտք գործեն Հայաստան, ապա մենք հայերս պիտի հասկնանք, որ Արեւմուտքի համար ոչ մէկ հետաքրքրութիւն չենք ներկայացներ եւ այդ ժամանակ պիտի վարուինք ճիշդ այնպէս ինչպէս 1920ին, այսինքն Դրոյի, Տէրտէրեանի նման, իշխանութիւնը յանձնելով ռուսերուն, եթէ ուզում ենք մնալ եւ գոյատեւել այս փոքրիկ հողակտորին վրայ։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Հոկտեմբեր 7ին Իսրայէլ մէջ սկաաւ պատերազմ, պաղեստինցներուն եւ Իսրայէլի միջեւ։ Ի՞նչ անդրադարձներ կրնայ ունենալ այս պատերազմը մեր տարածաշրջանին վրայ, մանաւանդ որ Իսրայէլը կը համարուի Ատրպէյճանի դաշնակից եւ զէնքի մատակարար։
ՏԻԳՐԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- Պաղեստինաիսրայէլեան պատերազմը անշուշտ ստուերի մէջ ձգեց ոչ միայն մեր, այլեւ նոյնիսկ ռուս-ուքրանական պատերազմը։ Նոյնիսկ Զելենսքի այդ մտահոգութիւնը յայտնեց։ Այս պատերազմը կը բխի ռուսերու եւ պարսիկներու շահերէն։ Կը բխի ռուսերու շահերէն որովհետեւ Արեւմուտքը ստիպուած է իր ուժերու որոշակի հատուած ուղղորդել դէպի Իսրայէլ օգնելու համար անոր։ Պարսիկներուն ձեռընտու է, որովհետեւ վտանգը Իրանէն հեռացուեցաւ դէպի Միջին Արեւելք։
ԳԷՈՐԳ ԹՈՐՈՅԵԱՆ.- Ի՞նչ խօսք ունիք «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն։
ՏԻԳՐԱՆ ՊՕՂՈՍԵԱՆ.- «Ասպարէզ»ի ընթերցողներուն կը ցանկանամ առողջութիւն, տոկունութիւն․ գիտեմ որ շատ հայրենասէր են, թող չպակսի անոնց հայրենասիրութիւնը։ Կարեւորը է ըլլան իրատես, գործնական եւ, չըլլան անհատը մեծարող, աստուածացնող։ Ցաւօք սրտի, Հայաստանի մեր հայրենակիցները այդպիսին են։