Ազգային ժողովի մնայուն յանձնաժողովներու միացեալ նիստին, 2024ի պետական պիւտճէի նախագիծի նախնական քննարկումներուն ընթացքին, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան խոստովանեցաւ, որ Հայաստանի եւ Ռուսիոյ յարաբերութիւններուն մէջ կան որոշ հարցեր՝ շեշտելով, որ «Հայաստանը որեւէ այլ դիրքորոշում չունի, քան կառուցողական կերպով խնդիրները քննարկելը, հասկանալն ու հարթելը»։
Խօսելով արտաքին քաղաքական ոլորտին մասին՝ ան նախ ընդգծեց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ զարգացնել իր յարաբերութիւնները նաեւ Ռուսիոյ հետ՝ բազմաթիւ եւ բազմոլորտ յարաբերութեամբ։
«Հիմա, ի հարկէ, տեսանելի է` այս յարաբերութիւններում կան որոշ խնդիրներ: Շատ բաներից մենք բաւարարուած չենք, շատ բաներից զարմանում ենք, որքան հասկանում եմ` Ռուսաստանի Դաշնութիւնում էլ նոյնպիսի վերաբերմունք կայ: Մենք համոզուած ենք, որ այն, ինչից մեր ռուսաստանցի գործընկերները զարմանում են, հետեւանքն է այն քաղաքականութեան, որը մենք տեսել ենք զանազան մեդիաեթերներում եւ այլն: Մենք որեւէ այլ դիրքորոշում չունենք, քան կառուցողական կերպով խնդիրները քննարկելը, հասկանալը, հարթելը, բարեկամաբար ու գործընկերաբար առաջ շարժուելը», ըսաւ Միրզոյեան:
Ան աւելցուց, որ այս է հայկական կողմին դիրքորոշումը, աշխատանք կը տանի այս ուղղութեամբ՝ յոյսալով, որ անիկա կը յաջողի:
Միւս կողմէ, Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ երթեւեկի հաղորդակցութիւններու բացման եռակողմ աշխատանքային խումբի ռուս համանախագահ, փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք՝ ցարդ դրսեւորուած ռուսական դիրքորոշման մէջ փոփոխութիւն կատարելով՝ ըսաւ, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ սահմանազատումը երկու երկիրներուն գործն է:
«Ինչ կը վերաբերի ասոր մէջ Ռուսիոյ մասնակցութեան եւ դերակատարութեան, մենք միշտ պատրաստ ենք աջակցելու: Մենք պատրաստ ենք տրամադրելու փաստաթուղթեր, որոնց մէջ՝ քարտէսագրական, որոնք պատմականօրէն գոյութիւն ունին Ռուսիոյ մէջ», նշեց ան։
Խօսելով հաղորդակցութիւններու ապաշրջափակման մասին` Օվերչուք ըսաւ. «Պաշտօնապէս կայ աշխատանքային խումբ», եւ նշեց, որ անիկա վերջին անգամ հանդիպած է 2 Յունիսին։
«Մեղրիով երկաթուղիի շինարարութեան մեկնարկին մասին միացեալ յայտարարութեան բովանդակութիւնն ալ մեծ մասամբ պատրաստ է, իսկ ինչ կը վերաբերի բուն ճամբու կառուցման, գիտէք, այժմ Ատրպէյճան արդէն սկսաւ Իրանի տարածքով մայրուղիի շինարարութիւնը` շրջանցելով Հայաստանի տարածքը», ըսաւ Օվերչուք:
Ըստ անոր՝ Ատրպէյճան եւ Իրան նաեւ ստորագրեցին յուշագիր Իրանի տարածքով` Հայաստանի տարածքը շրջանցող երկաթուղիի կառուցման մասին: Հիւսիս-հարաւ մայրուղին, որ կը կառուցուի Հայաստանի մէջ, շատ կարեւոր ենթակառուցուածքային ծրագիր է, որ Իրանէն Հայաստանով կ՛անցնի Վրաստան:
«Նկատի առնելով Վերին Լարսը, անիկա նաեւ շատ կարեւոր դեր պիտի ունենայ մեր Հիւսիս-հարաւ միջանցքին համար», աւելցուց Օվերչուք։