Հայկական պետական մանկավարժական համալսարանի «Սփիւռք» գիտական ուսումնական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ գրական հանդիպում մը, նուիրուած՝ հալէպահայ գրող Գէորգ Պետիկեանի ծննդեան 80ամեակին: Փրոֆ. Սուրէն Դանիէլեան եւ բանասիրական բաժանմունքի ուսանողները ներկայացուցին անոր գեղարուեստական ժառանգութիւնը եւ արժեւորեցին արեւմտահայ մտաւորականին սէրն ու նուիրումը` մայրենի լեզուին եւ հայրենիքին հանդէպ:
Գրողի կեանքին ու գործունէութեան անդրադարձաւ պատմաբան, բանասէրը Գէորգ Եազըճեան: Պատմաբանը ցաւով նկատեց, որ Սփիւռքը ամէնօրեայ պայքարի մէջ է, յատկապէս ամերիկեան ովկիանոսի մէջ համահայկական ջանքեր պէտք են ուծացման դէմ պայքարելու համար, եւ առ այսօր չունինք ռազմավարութիւն` Սփիւռքի վերաբերեալ: Ան կը յուսայ, որ Պետիկեանի 80ամեակը կը դառնայ նոր խթան` անոր գրական պայքարին մէջ:
Պետիկեանի գրականութեան տարբեր շերտերուն անդրադարձան «Սփիւռք» կեդրոնի աւագ գրադարանավար Նելլի Թադէոսեան, հայ նոր եւ նորագոյն գրականութեան եւ անոր դասաւանդման ամպիոնի մասնագէտ Վեհանոյշ Մուրատեան, մագիստրոսի կարգի 2րդ լսարանի ուսանողուհի Աննա Կոստանեան:
«Գրողը անընդհատ կը վերադառնայ դէպի անցեալ, իր ստեղծագործութիւնները կը կառուցէ երկու հակադիր աշխարհներու վրայ. առաջինը Հալէպն է, միւսը` այդ մեծ աշխարհը` Ամերիկան», ընդգծեց Թադէոսեան:
Մուրատեան ներկայացուց «Տարին, Որ Անցաւ» գիրքը, որ 2020ի Արցախի պատերազմին եւ քաղաքական փոթորիկներու մասին է: Ելոյթ ունեցողը ներկայացուց գրողը՝ իբրեւ. «մարդ մը, որ ամէն օր հայերէնով կ՛արթննայ»…
Բանասիրական բաժանմունքի տնօրէն, բանասիրական գիտութիւններու դոկտոր, փրոֆեսոր Աշոտ Գալստեան շնորհաւորեց գրողը, խօսեցաւ հեղինակին գրական, փորձագիտական, փիլիսոփայական ուղերձներուն եւ գրական ստեղծագործութիւններուն արեւմտահայ լեզուական ոճական ատաղձին մասին` յորդորելով զայն դարձնել աւարտական աշխատանքի նիւթ: Գրողին անհատականութեան եւ ստեղծագործութիւններուն անդրադարձաւ Մարիամ Ստեփանեան:
Բանասիրական գիտութիւններու թեկնածու Քնարիկ Աբրահամեան հատուածներ կարդաց «Գրադարանս» գիրքէն: Պսակաւորի Ա. լսարանի ուսանողուհի Ժաննա Յովհաննիսեան կիթառով կատարեց Տէրեանի «Իմ Խաղաղ Երեկոն Է Հիմա» եւ համշէնահայ բարբառով` «Կ՛ուզիմ Նէննի» երգերը:
Ձեռնարկին աւարտին Պետիկեան շնորհակալութիւն յայտնեց հայրենիքի մէջ այսպիսի ձեռնարկ մը իրականացուելուն համար եւ նշեց. «Այս հաւաքը առիթ կու տայ, որ այսուհետեւ հաւաքեմ ապրումներու պահերս, որոնց առջեւ մարդը կը տատանի վարագոյրի նման. մտքիս նոր խօսք եւ ներշնչում կ՛առաքէ»: Գրողը իր մտահոգութիւնը յայտնեց, որ Սփիւռքը ամէն օր հոգեվարքի մէջ է, արեւմտահայ գրականութիւնը սկսած է ամայանալ, կծկուիլ: Բացի այդ` Սփիւռքի մէջ օրէ օր կը նուազի հայերէն խօսող եւ հայերէն գրող մարդոց թիւը, եւ թէ դիւրին բան չէ արեւմտահայ գրող ըլլալը:
(Թղթակցութիւնը՝ կազմակերպիչներէն)