Դաշնակցային հետախուզութեան գրասենեակը՝ FBI-ը, հետաքննութեան մը ձեռնարկած է Նիւ Եորքի քաղաքապետ Էրիք Էտըմզի վերընտրութեան պայքարի դրամահաւաքի կասկածելի քայլերուն ուղղութեամբ. կը նշուին նաեւ թուրք գործակատարներու միջատութիւնները։
Հարցը ջուրի երես ելաւ, երբ FBI-ը մանրազնին խուզարկում մը կատարեց քաղաքապետին մօտիկ խորհրդական Պրիանա Սակզի բնակարանին մէջ, գրաւելով կարգ մը համակարգիչներ։ Վերջինս կը զբաղի ընտրական դրամահաւաքի հարցերով։
Ըստ մամուլին մէջ շրջող լուրերուն՝ հարցը նիւեորքաբնակ ամերիկացի թուրքերու միջոցաւ Թուրքիայէն ստացուած ապօրինի նպաստներու կը վերաբերի։
Սահմանադրութիւնը խստօրէն կ՛արգիլէ արտասահմանեան օժանդակութիւնները ընտրական գործընթացներու։