
Ինչպէս հաղորդած էինք, Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքը իսրայէլեան XANA CAPITAL ընկերութեանն ուղարկած էր Հայկական թաղամասի շուրջ 25 տոկոսը հանդիսացող «Կովերու պարտէզ»ը 99 տարիով վարձակալութեան համաձայնագիրը չեղեալ համարելու նամակը:
Պատրիարքութիւնը կը տեղեկացնէ, որ «Կովերու պարտէզ» անունով ծանօթ կալուածի վարձակալութիւնը չեղեալ նկատելու նամակէն ետք, «երկրորդ կողմը, փոխանակ նամակին պատասխան տալու, արձագանգած է կալուածին վրայ գտնուող պարիսպի եւ կայանատեղերու քանդումով, յատակի կուպրապատ ծածքը քակելով եւ շատ աւելի մեծ վնաս պատճառելու սպառնալիքով»:
5 Նոյեմբերին, անոնք նոյնիսկ զինուած ապահովութեան աշխատակիցներ եւ մարզուած շուներ բերած են կալուածը՝ պահանջելով պարպել կալուածը հայկական ներկայութենէ։ Իբրեւ պատասխան այս պահանջին՝ Երուսաղէմի Հայոց պատրիարքը, Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան եւ հայ համայնքի անդամները հաւաքուած էին հոն՝ խաղաղ կերպով իրենց դժգոհութիւնը եւ անհամաձայնութիւնը յայտնելու եղած պահանջին:

«Քերքոնեան Տաճանի» իրաւաբանական հիմնարկը, իրաւաբան Կարօ Ղազարեան, Օրէնքի եւ արդարութեան կեդրոնը եւ «Թաթոյեան» հիմնադրամի խումբը կապի մէջ է համայնքի ղեկավարներուն հետ` ձեռնարկելով իրավիճակը հանդարտեցնելու միջոցներ: Կիրակի գիշեր, արդէն որոշ քայլեր ձեռնարկուեցան եւ կողմերը համաձայնեցան կալուածէն մեկնելու շուրջ եւ ոչինչի ձեռնարկելու այնքան ատեբն որ պատրիարքութիւնը չստանայ համաձայնագիրը չեղեալ նկատելու՝ պատրիարքարանին ղրկած նամակին պատասխանը:
Նշենք, որ այս տարուան Յունիսին, «Քերքոնեան Տաճանի»ի գլխաւորած փաստաբաններու եւ խորհրդականներու խումբը իրականացուց փաստահաւաքի առաքելութիւն մը, որուն մասնակցեցաւ նաեւ Օրէնքի եւ արդարութեան կեդրոնի «Թաթոյեան» հիմնադրամը: Անոնք պատրաստած են 184 էջնոց զեկոյց մը, որ կը ներառէ էական ապացոյցներ, որոնց հիման վրայ ձեռնարկուեցան իրաւական քայլեր: