Ռուսիոյ Ապահովութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ յայտարարեց, որ կան բոլոր նախադրեալները Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիր մը կնքելու։
Ըստ «ՌԻԱ Նովոսթի»ի՝ Փաթրուշեւ այս մասին խօսեցաւ «Ռուսիա» ցուցահանդէս-համաժողովին ընթացքին:
«Դուք գիտէք, որ Ռուսիոյ նախագահը շատ մեծ աշխատանք, շատ դրական աշխատանք կատարեց, որ այդ յարաբերութիւնները բնականոնանան: Հիմա կան բոլոր նախադրեալները խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու համար», ըսաւ ան եւ կրկնեց ռուս իշխանութիւններուն բազմիցս հնչած տեսակէտը, թէ Հայաստանի վարչապետն է, որ ճանչցաւ Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութիւնը Արեւմուտքի ճնշման տակ: Փաթրուշեւ ըսաւ, որ 2018ին Փաշինեան կը յայտարարէր, թէ Լեռնային Ղարաբաղը իրողապէս Հայաստանի մաս է, բայց վերջին հաշուով ըսաւ, որ տարածքները կը ճանչնայ 1991ի քարտէսներով: «Իսկ այս կը նշանակէ Լեռնային Ղարաբաղը եւ բոլոր շրջանները, եւ ան ընդունեց, որ անոնք կը պատկանին Ատրպէյճանին։ Կը կարծեմ, թէ այդ յայտարարութիւնները, այդ ճանաչումը եւ յայտարարութիւնը ան ըրաւ Արեւմուտքի ազդեցութեան տակ, եւ անոնց հետ ալ բանակցութիւններ կը վարէ», ըսաւ ան։
Փաթրուշեւ նաեւ ըսաւ, որ Ատրպէյճան ներկայիս տնտեսական մեծ կարողականութիւն ունի: «Եկէք բաղդատենք տնտեսական ներուժը. Ատրպէյճանի մէջ կ՛ապրին 10 միլիոն անձեր, Հայաստանի մէջ, կ՛ըսեն, որ 3 միլիոն են, բայց մենք ստոյգ գիտենք, որ այդպէս չէ` առաւելագոյնը 2 միլիոն բնակչութիւն կայ: Տնտեսական եւ ֆինանսական բաղադրիչներով Ատրպէյճան նշանակալից գերազանցութիւն ունի», ըսաւ Փաթրուշեւ։