Հայաստանի Զինուած ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Էդուարդ Ասրեան 1էն 3 Նոյեմբերին այցելեց Շթութկարթի մէջ տեղակայուած Միացեալ Նահանգներու եւրոպական հրամանատարութեան կեդրոնակայան` Միացեալ Նահանգներու եւրոպական հրամանատարութեան հրաւէրով։
Պաշտպանութեան նախարարութենէն կը յայտնեն, որ զօր. Ասրեան հանդիպումներ ունեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւրոպական հրամանատարութեան փոխհրամանատար զօր. Սթիվըն Պաշամի հետ եւ քննարկեց հայ-ամերիկեան ռազմական համագործակցութեան զարգացման վերաբերող հարցեր:
Զօր. Ասրեան ներկայացուց Հայաստանի զինուած ուժերուն մէջ տեղի ունեցող բարեփոխումներու մանրամասնութիւնները եւ անոնց ընթացքին Միացեալ Նահանգներէն ակնկալուող աջակցութիւնը:
Զօր. Պաշամ յայտնեց իր երկրին պատրաստակամութիւնը` համագործակցութեան ընթացիկ ծրագիրներու աջակցութիւնը շարունակելու, նաեւ նախաձեռնելու համագործակցութեան նոր ուղղութիւններու՝ հետեւեալ ոլորտներուն մէջ. Զինուած ուժերու արհեստավարժութիւն, մասնագիտացած սպայակոյտի ամրապնդում, ղեկավարման համակարգի արդիականացում, խաղաղապահութիւն, ռազմական բժշկութիւն, ռազմական կրթութիւն, մարտական պատրաստութիւն, վարժանքներ եւ այլն:
Քննարկուեցան նաեւ տարածաշրջանային ապահովութեան վերաբերող հարցեր։
Այցելութեան ծիրին մէջ, զօր.Ասրեան այցելեց նաեւ Հոհենֆելսի մէջ տեղակայուած Եւրոպայի մէջ Միացեալ Նահանգներու ցամաքային զօրքերու միացեալ բազմազգ պատրաստութեան կեդրոնը։