ՓԱՐԻԶ, «Նոր Յառաջ».- Ֆրանսական Viginum պետական կառոյցը, որ կը զբաղի համացանցային արտաքին միջամտութիւններու դէմ պայքարով՝ բացայայտեց, որ ջախջախիչ մեծամասնութեամբ ատրպէյճանական ծագում ունեցող թուային հասցէներէ հրապարակումներով փորձ կատարուած է Ֆրանսայի պատկերը մրոտելու՝ 2024ի Ողիմպիականներուն ընդառաջ։
Ծանօթ է, որ Փարիզ պիտի հիւրընկալէ 2024ի Ողիմպիական խաղերը, որոնք տեղի պիտի ունենան 26 Յուլիսէն 11 Օգոստոս։
Viginum-ի կատարած հետաքննութենէն պարզուած է, որ անցեալ 26-27 Յուլիսին, այսինքն` գրեթէ 24 ժամուան ընթացքին X ընկերային ցանցին վրայ (նախկին «Թուիթըր»ը) առաւել քան 1600 հրապարակումներ կատարուած են, բոլորն ալ իրարու նման նիւթերով, որոնք կոչ կ՛ընեն պոյքոթի ենթարկելու Ֆրանսայի մէջ տեղի ունենալիք Ողիմպիականները, մութ պատկեր մը տալով Փարիզէն եւ Ֆրանսայէն, յատկապէս շեշտը դնելով «հոն տիրող անապահով մթնոլորտ»ին վրայ։ Այս հրապարակումներուն կցուած են Ֆրանսայի մէջ պատահած այս կամ այն խռովութիւններէն նկարներ։
Մէկ օրուան մէջ նոյնանման առաւել քան 1600 հրապարակումներուն՝ քարոզչական արշաւի երեւոյթ պարզելու ակներեւ փաստէն ճամբայ ելլելով՝ Viginum-ի կատարած հետաքննութիւնը ցոյց տուած է, որ այդ հրապարակումներուն համար գործածուած հաշիւներուն կէսը յատկապէս ստեղծուած է այդ նպատակով եւ անկէ ետք այլեւս անոնք չեն գործածուած եւ բոլորին ալ արմատները կը հասնին մինչեւ Պաքու, կամ առնուազն՝ ատրպէյճանցիներու։
Իսկ գալով դրդապատճառին՝ անիկա բացայայտ է. Հայաստան-Ատրպէյճան հակամարտութեան մէջ Ֆրանսայի որդեգրած՝ Հայաստանի սահմաններու անձեռնմխելիութեան աջակցելու դիրքորոշումն է։
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ապատեղեկատուական որակեց եւ դատապարտեց այս արշաւը, որ ըստ Viginum-ի եզրակացութեան՝ «ազգային հիմնական շահերուն վնասաբեր բնոյթ կը կրէ»։