Նախաձեռնութեամբ Սպահանի Հայոց թեմի Քրիստոնէական դաստիարակութեան յանձնախումբին, ներկայութեամբ` Սպահանի Հայոց թեմի առաջնորդ Սիփան եպս. Քէչէճեանի, քահանայից դասուն, ազգային մարմիններու, շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբին, միութիւններու, հայոց ազգային դպրոցներու ներկայացուցիչներուն եւ հանրութեան՝ 2 Նոյեմբերին, Նոր Ջուղայի Հայ մշակութային «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պօղոս առաքեալին կեանքը ներկայացնող շարժապատկերին ցուցադրութիւնը: Կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամուհիներ Այլին Քէշիշեան եւ Մարինէ Առաքելեան հերթաբար ելոյթ ունեցան բացման խօսքով եւ Պօղոս առաքեալի շարժապատկերի նախաբանի ընթերցումներով:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ շարժապատկերը, որ պատրաստուած էր Դամասկոսի մէջ, բեմադրութեամբ՝ Խալետ Ալ Խալետի:
Աւարտին, քրիստոնէական դաստիարակութեան յանձնախումբի ատենապետ Հայկ Սարեան շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` ծրագիրին ընդառաջելնուն համար՝ աւելցնելով, որ մօտիկ ապագային նման ձեռնարկներ դարձեալ պիտի կազմակերպուին յատկապէս երիտասարդներու եւ ուսանողներու համար: