1 Նոյեմբերին, Ատրպատականի Հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր արք. Չիֆթճեան եւ Թեմական խորհուրդը Ուրմիոյ «Արամ Մանուկեան» սրահին մէջ ունեցան հանդիպում մը ուրմիահայ միութիւններէն ՀՕՄի վարչութեան, Ս. Ստեփանոս ծխական եկեղեցւոյ Խնամակալ մարմինի վարչութեան եւ «Նարեկացի» երգչախումբի ներկայացուցիչներուն հետ:
Սրբազան հայրը աղօթքով կատարեց հանդիպման բացումը: Առաջնորդին եւ Թեմական խորհուրդին կողքին հանդիպման ներկայ էի` Մարտիրոս քհնյ. Ղուկասեան (այցելու հովիւ, Ուրմիա), Պատգամաւորական ժողովի Ուրմիոյ անդամներու ներկայացուցիչները` գլխաւորութեամբ դիւանի անդամներուն, Ուրմիոյ Գործակալական խորհուրդը, ինչպէս նաեւ Ուրմիայի եկեղեցւոյ քարտուղարութիւնը:
Առաջնորդ սրբազանը, նշելով վարչական եւ կազմակերպչական բնոյթի սոյն հանդիպման կարեւորութիւնը` հաստատեց, թէ որեւէ կառոյցի հաւաքական կեանքը երբեմն վերանայման կարիքը ունի արդիւնաբեր ըլլալու համար: Հետեւաբար, նախ առիթը տրուեցաւ վերոյիշեալ կառոյցներուն` զեկուցելու իրենց գործունէութեան ընթացքին եւ յառաջիկայ ծրագիրներուն մասին:
Առաջնորդը թելադրեց համախմբուիլ եկեղեցւոյ շուրջ` նկատի ունենալով, որ եկեղեցին համայնքի կեդրոնական մարմինը եւ հաւատացեալներուն ամբողջութիւնն է, եւ յորդորեց ներկաները՝ ի գին ամէն զոհողութեան ծաղկեցնել այդ կեանքը` կոչ ուղղելով համախոհութեան եւ համագործակցութեան` ուրմիահայ բոլոր միութիւններուն եւ կառոյցներուն միջեւ:
Հանդիպումին ընթացքին արծարծուած բոլոր հարցերուն վերաբերեալ տրուեցան պատասխաններ եւ կատարուեցան առաջարկներ: