Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը կը հաղորդէ, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահի հանրապետական թեկնածուներէն Ռան Տը Սանթիս, Նիքի Հէյլի եւ Վիւեք Ռամասուամի վճռականօրէն դատապարտեցին Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի բնիկ քրիստոնեայ հայերու ցեղային զտումը: Անոնք այս յայտարարութիւնները կատարեցին Այոուայի մէջ տեղի ունեցած խորհրդաժողովի մը ընթացքին, զոր վարեց խորհրդաժողովի նախագահ Պապ Վանտեր Փլաց:
Նշելով, որ հայերը առաջին քրիստոնեայ ժողովուրդն են, եւ վկայակոչելով Ատրպէյճանի կողմէ հայ քրիստոնեաներու ցեղային զտումները՝ Վանտեր Փլաց երեք թեկնածուներուն հարցուցած է, թէ ինչպէ;ս պիտի ապահովեն, որ քրիստոնէութեան այս հին ամրոցը պահպանուի:
«Կը կարծեմ, որ Միացեալ Նահանգները պէտք է կանգնի Հայաստանի քրիստոնեաներուն կողքին: Կը կարծեմ, որ անիկա վեհ գործ է», պատասխանեց Տը Սանթիս:
Հէյլի իր պատասխանին մէջ ընդգծեց, որ այն, ինչը Ատրպէյճանի մէջ տեղի կ՛ունենայ արտառոց է` աւելցնելով. «Մենք պէտք է պատասխան պահանջենք Ատրպէյճանէն»:
«Աշխարհի հնագոյն քրիստոնեայ ազգը նկատուող հայ ժողովուրդէն 120 հազարը ստիպուած եղաւ հեռանալու իրենց տուներէն: Եւ անոր հիմքին մէջ աւելի կեղտոտ գաղտնիք կայ: Մենք` Միացեալ Նահանգներու կառավարութիւնը, անոր գինը կը վճարենք», իր կարգին յայտնեց Ռամասուամի: Ան նաեւ քննադատեց Պայտընի վարչակազմը` 907րդ յօդուածի սահմանափակումները շրջանցելուն, Ատրպէյճանը զինելուն եւ հայերու ցեղային զտումները հրահրելուն համար: