

ԴՈԿՏ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Տարեկից երկու հանճարեղ մտաւորականներ ինկան միասին, անցեալ Նոյեմբերի նոյն շաբթուան մէջ, Մարզպետ Մարկոսեանը հոս Քալիֆորնիա եւ Ժիրայր Դանիէլեանը քիչ մը անդին Պոսթոն․ երկուքն ալ, Ժիրայրը հայ մտաւորականութեան ռահվիրայի, եւ Մարզպետը միջազգային գիտութեան մասնագէտ, ետին ձգեցին ցաւ եւ կսկիծ, ահաւոր եւ անփոխարինելի բացակայութիւն մը։
Երկուքն ալ ճանչնալու երջանկութիւնը ունեցայ, մանաւանդ դոկտոր Մարզպետը, թոմարզացիի զաւակ, ու ես՝ էվէրէկցիի, շատ մօտիկ հայրենակիցներ։ Իր անուշ ժպիտով, Թոմարզան «քիպարացնել»ով, Մարզպետ կ՛ըսէր, թէ Ծամնդաւ աւանն էր։
Ժիրայրին հետ Woodbury համալսարանէն հրաւիրուած էինք բանախօսելու հայերէն առաջին գիրքի եւ Աստուածաշունչ Մատեանի (1666) տպագրութեանց յոբելեաններուն առիթով (1512-2012), Արեւմտեան մեր թեմի յանձնարարութեամբ։ Միակ հանդիպումս եղաւ։ Բանախօսեց եւ իմ բանախօսութեան աւարտին այնքան բծախնդիր նկատողութիւն մը ըրաւ։ Կ՛ըսէի, թէ հայերէն գիրքերու տպագրութեան ռահվիրան Յակոբ Մեղապարտն էր, որ իր տպագրած առաջին վեց գիրքերէն մէկուն՝ «Պատարագատետր»ի վերջաւորութեան երկու տող յիշատակարան մը թողած էր ուրկէ միայն, եւ միայն այնտեղ կը ստուգուէր Մեղապարտի անունն ու առաջին տպագրութեան վայրն ու թուականը` Վենեժ (Վենետիկ), 1513։
Ժիրայր հարցուց ինծի, թէ ո՛վ գտած էր այդ երկտող յիշատակարանը եւ յայտնաբերած։ Մանրամասնութեանց մէջ մանրամասնութիւն մը, որուն Դանիէլեան ի՛նք միայն տեղեակ էր։ Ըսաւ, թէ Երուսաղէմի միաբաններէն լուսարարապետ Սահակ եպիսկոպոս Խապայեան, յետագային Սահակ Բ․ կաթողիկոս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ, ԺԹ․ դարու ութսունական թուականներուն կարդացած էր յիշատակարանը եւ առաջին անգամն ըլլալով յայտնաբերած այդ կարեւոր տեղեկութիւնը։ Ժիրայր Դանիէլեան մեծ մատենագէտէն սորվեցայ տողատակի այդ յայտնաբերումը։
1969ի ամրան, Մարզպետ Մարկոսեան յանակնկալս Ֆիլատելֆիոյ Սուրբ Երրորդութիւն նորաշէն եկեղեցւոյ գրասենեակէս ներս կը մտնէր, «Լոյս լուսոյ մայր» շարականի երգակցութեամբ, եւ ճակտին զինք աւելի անուշցնող եւ ինքնատիպ դարձնող սեւ մազերու խուրձով։ Զարմացայ։ «Այդ գողտրիկ շարականը գիտե՞ս, թէ երբ կ՛երգենք», հարցուցի։ «Այո, Աւագ Հինգշաբթիի խաւարման գիշերը», ըսաւ։
Գիտէի որ Փենսիլվանիոյ նահանգային համալսարան կ՛ուսանէր, Ֆիլատելֆիայէն հեռու, նահանգին կեդրոնական շրջանին մէջ, սակայն չէի գիտեր շարականներու մասին իր ջերմաստիճանը մինչեւ այն ատեն երբ կարդացի իրեն պատանեկան ընկեր այժմ Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարեանի սրտառուչ մահախօսականը։ Սրբազանը, նախկին անունով՝ Արմէն, մեր օրերու Դպրեվանքի փայլուն ուսանողներէն մին եղած է ու երկար տարիներու հոգեւոր ծառայութիւն մատուցած Ֆրանսայի մէջ, որպէս թեմակալ առաջնորդ։
Մարզպետ ըսաւ, թէ այցի եկած էր եւ նուէր մը ունէր տալիք։ «Քեզի պիտի տամ իմ Master՛s Degree»ն, ըսաւ։ «Ինչու համար քու վաստկածդ ուրիշին պիտի տաս, ես հատ մը ունիմ արդէն Temple համալսարանէն», ըսի։ «Այս շաբաթ Ph․D աստիճանը ստացայ, այնպէս որ նախորդները կրնամ բաժնել», ըսաւ։ «Սրտագինս կը շնորհաւորեմ» ըսելով ողջագուրուեցանք։ Զինք յաճախ կը տեսնէի արեւելեան ափին։ Երբ Քալիֆորնիա փոխադրուեցանք, աւելի մօտ եղանք։ Անգամ մը բանախօսեց Կլենտէյլի պետական գրադարանի սրահին մէջ, ուր անպայման ներկայ եղայ։ Հոյակապ բանախօսութիւն։ Յետոյ կամացուկ մը ըսի Մարզպետին իմ լաւագոյն տպաւորութիւնը, եւ թէ քիչ մը կարճի կրնար կապել։
Մեր սիրելի եւ յարգելի զոյգ մը կորուստներու մասին շատեր գրեցին ամենուրեք, Նորվան սրբազան եւ յատկապէս Մարզպետին «գուրգուրացող» քոյրը՝ Սեդա Խտշեանը, ինչպէս կարդացի գիրքին նախաբանին մէջ։ Արժան եւ իրաւ։ Հիանալի արժեւորումներ են բոլորը։ Շատ աւելին քան մահախօսականներ։ Յուզիչ է Սեդա Խտշեանի այնքան հարազատ ու հայերէն լեզուի նկատմամբ բարձրագոյն դիրքերէն սիրտ հասնող գրութիւնը իր եղբօր մասին։
Սեդա Խտշեան, ի միջի այլոց, այս յատկանշական խօսքերը կ՛ըսէր եղբօր մասին․ «Հաղորդուեցար մեր շարականներու դիւթանքով եւ կենսաւորուեցար մեր հայրապետներու պատգամներով ու մնացիր հաւատքիդ մէջ ու Հայ եկեղեցւոյ հանդէպ ժայռի պէս ամուր»։ Նուազ սրտառուչ չէ նաեւ Նորվան արքեպիսկոպոս Զաքարեանի յուշերն ու պատանեկան օրերու եկեղեցի երթն ու դարձը, նոյնպէս գրուած բացառիկ եւ ինքնատիպ ու հարազատ ոճով։
Շատ ուսանելի են նաեւ Երուանդ Ազատեանի զուսպ եւ բնորոշիչ գրութիւնները դաստիարակ եւ խմբագրապետ, վարժարաններու տնօրէն Ժիրայր Դանիէլեանի մասին, եւ Վիգէն Ադդարեանի շատ յարգալից եւ դաստիարակիչ ընծայականը առաջնակարգ մատենագէտին վերաբերմամբ։
Մեր այս համառօտ յարգանքի արտայայտութիւնը ոչ մէկուն եւ ոչ միւսին կը հասնի արդարեւ։ Պարզապէս տողատակ մըն է որ կ՛աւելցնեմ։
Եկաւ ու հասաւ մակագրուած օրինակ մը Մարզպետ Մարկոսեանի «Քաղաքներու Կախարդանքը»ին։ Հայ կեանքի իրականութիւնը ճեղքող եւ ճնշող հիւանդութիւնները կանխատեսող Մարզպետ կը գրէ երգիծական ամենաջերմ ոճով տալով դարման մը եղածին ու վրիպածին մասին, Պոսթընի իր տան մէջ։ Բարեկամներ կը հաւաքուին ու հաստատ եւ կամ թափանցիկ, երբեմն թափթփած կերպով զիրար կը հասկնան, այսինքն չեն հասկնար, կը խծբծեն զիրար տալու համար եզրափակիչ «որոշումներ» միշտ հայեացքին ներքեւ գրքի հեղինակին՝ դոկտոր Մարզպետ Մարկոսեանի։
«Ձախող Ձեռնարկ» կոչուած գլուխը բանաստեղծուհի Սիլվա Կապուտիկեանի այցելութեան առիթով հիւրասիրութեան ընթացքին կը պատահէր․ առաջին ակնարկով բնականաբար իբր այդպիսին կ՛ընկալէ ընթերցողը մինչեւ այնտեղ ուր ամէն ինչ կարգին եղած, կոկիկ յայտագրի աւարտին, կին մը կը բողոքէ թէ «ձեռնարկը ձախող էր», որովհետեւ իր տղուն յայտագրին մէջ արտասանելու բաժին չէր տրուած։ Ահա Մարզպետին իրական պատումներէն մին, աչքին առջեւ պատահած կենդանի երգիծանք։ Նման դիպուածներ շատ են հատորին մէջ, երբեմն շատ թափանցիկ նոյնիսկ։
Պր. Դանիէլեան ձեռնարկած է թերթերու խմբագրութեանց՝ «Շիրակ» եւ ապա «Կամար»։ Ստանձնած է դժուարին եւ պատասխանատու տնօրէնի պաշտօնը միացեալ Յովակիմեան-Դարուհի Յակոբեան երկրորդական վարժարաններուն, յաջորդելով մեր օրերու Արա Թօփճեանի անհաւասարելի տնօրէնութեան։ Դանիէլեան պատուաւոր կերպով կատարեց ուսուցչապետի իր պարտքը, մինչեւ իսկ Անթիլիասի Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան հասցնելով իր մատենագիտական մեծ վաստակը։ Դժբախտաբար յանկարծական վնաս կրեց եւ աչքերուն լոյսը կորսնցուց Պէյրութի նաւահանգիստին ահեղ պայթումին հետեւանքով եւ Պոսթըն փոխադրուելով դարմանումի ենթարկուեցաւ։ Սակայն ափսոս, հոյակապ հայասէր եւ հայագէտ Ժիրայրը կեանքէն հեռացաւ։
Բոլորիս համար, այս երկու մեծանուն եւ սակայն ամենախոնարհ հայորդիներուն կորուստը համազգային կորուստ է անտարակոյս։ Կ՛աղօթենք իրենց հանգիստին համար ընդ հովանեաւ ամենագութ Տիրոջ արքայութեան երկնային լոյսերուն։