ՍԹՈՔՀՈԼՄ, «Ռոյթըրզ».- Հինգշաբթի, Հոկտեմբեր 11ին, Նոպէլեան մրցանակի յանձնախումբը բրիտանացի վիպագիր Տորիս Լէսինկին յանձնեց այս տարուան գրականութեան մրցանակը:
Ընդհանրապէս ընկերային ախտերու, կանանց իրաւանց եւ միջցեղային յարաբերութեանց առնչուող Լէսինկի վէպերուն մէջ ամենամեծ հռչակը շահած է «Կոլտըն նոթպուք» հատորը:
11 օրէն 88 տարեկան դարձող վիպագիրը նաեւ հանդիսացաւ ամենատարեց անձը, որ Նոպէլեան մրցանակի կը տիրանայ: Ան նաեւ միայն 34րդ կին մրցանակակիրն է 1901էն ի վեր բաշխուող մրցանակներուն, իսկ գրականութեան մարզին մէջ՝ 11րդ կինը:
Ան նաեւ մօտաւորապէս 1.54 միլիոն տոլար նիւթական վարձատրութիւն պիտի ստանայ հիմնարկէն:
Նկարին մէջ, 2007ի Նոպէլեան գրականութեան մրցանակակիրը: