ԵՐԵՒԱՆ, «Նոյեան Տապան».- Աշխատանքի եւ ընկերային հարցերու նախարարութեան աշխատանքի (զբաղուածութեան) պետական ծառայութեան նախաձեռնութեամբ, Հոկտեմբեր 13ին Երեւանի մէջ պիտի կազմակերպուի «Աշխատանքի տօնավաճառ», ուր շուրջ 100 գործատուներու կողմէ պիտի ներկայացուին տեղեկութիւններ թափուր աշխատատեղերու վերաբերեալ:
Ըստ կազմակերպիչներուն, տօնավաճառը զանազան մասնագիտութիւններով աշխատանք փնտռող փորձառու մասնագէտներուն եւ ուսումնական հաստատութիւններու նորաւարտներուն հնարաւորութիւն պիտի տայ ուղղակի կապ հաստատել հայկական եւ միջազգային առաջատար ընկերութիւններուն հետ: