ՍՏԵՓԱՆԱԿԵՐՏ, «Նոյեան Տապան».- ԼՂՀ Նախագահ Բակօ Սահակեանը Հոկտեմբեր 15ին ընդունեց «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Վահէ Աղաբէկեանցը: Զրուցակիցները քննեցին հիմնադրամին կողմէ Արցախի մէջ գործադրուող ծրագիրներուն կապուած հարցեր եւ Նոյեմբերին Միացեալ Նահանգներուն մէջ նախատեսուող հերթական թելեթոնին նախապատրաստութեան գործընթացը:
Հանդիպման ընթացքին որոշուեցաւ ԼՂՀի մէջ հիմնադրամի գրասենեակ ունենալ: