ՊՈԼՍԱՀԱՅ ՄԻՈՒԹԵԱՆ ՄՇԱԿՈՒԹԱՅԻՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲ
ՏՈՔԹ. ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Գ. ԱՒԵՏԻՔԵԱՆ
Կիրակի, 12 Նոյեմբերին, Պոլսահայ միութեան «Հրանդ Տինք» սրահը լի էր գրասէր եւ ընթերցասէր հասարակութեամբ, որ ներկայ էր շնորհանդէսին «Կեանքին Կանչը» գիրքին, գրի առնուած՝ միութեան քարտուղարուհի Մարիէթ Մինասեան Օհանէսի կողմէ:
Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Պոլսահայ միութեան Մշակութային յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ:
Ձեռնարկին բացումը եւ հանդիսավարութիւնը կատարեց Ալին Տօնիկեան:
Գեղարուեստական բաժինով բեմ բարձրացան երգչուհի Սօսի Աւագեան եւ Հիլտա Աճըիլաչ՝ ասմունքով:
Ամպիոն հրաւիրուեցաւ կրթական մշակ Հիլտա Աճըիլաչ, որ հրաշալիօրէն եւ յուզումով ներկայացուց հատորը: Աճըիլաչի վերլուծումը ջերմօրէն գնահատուեցաւ հանդիսականներուն կողմէ: Խօսք առաւ Մարիէթ Օհանէս՝ իր շնորհակալիքը եւ սրտի խօսքերը փոխանցելով ներկաներուն:


Պոլսահայ միութեան Մշակութային յանձնախումբին կողմէ Գործադիր յանձնախումբի ատենապետ տոքթ. Մուրատ Քէօշքէր հեղինակին յանձնեց յուշանուէր մը՝ առ ի գնահատանք իր նորատիպ հատորին:
Կատարուեցաւ գիրքի գինեձօնի գեղեցիկ արարողութիւնը, որուն մասնակցեցան տոքթ. Քէօշքէր, Գործադիր յանձնախումբի ատենադպիր Սերժ Պուլանըքեան, նախկին ատենապետ տոքթ. Արթօ Էրսան Խաչերեան, նախկին ատենապետ եւ ներկայ Ընդհանուր ժողովի ատենապետ Սիմոն Աճըիլաչ, Էսաեան վարժարանի Սանուց յանձնախումբի ատենապետուհի Իլտա Շաքարեան, իսկ ներկաներէն՝ Լուսի Գարալեան, Յակոբ Սանոսեան:
Ձեռնարկին աւարտին, հեղինակը մակագրեց իր գիրքերէն օրինակներ, ապա տեղի ունեցաւ նկարահանում եւ պատշաճ հիւրասիրութիւն:
Նշենք թէ հատորին լրիւ հասոյթը նուիրուեցաւ միութեան Մշակութային հիմնադրամին: