ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողան Հինգշաբթի օր հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի հետ։
Կը հաղորդուի, որ երկու ղեկավարները առաջնահերթօրէն անդրադարձան Կազայի պատերազմին։ Էրտողան մատնանշեց Իսրայէլի կողմէ Պաղեստինի տարածքին վրայ կատարուած յարձակումները եւ յիշեցուց ներկայ մարդկային ողբերգութեան ժամ առաջ կասեցման անհրաժեշտութիւնը։ Էրտողան յայտնեց, որ եթէ Ամերիկա Իսրայէլի ի նպաստ անվերապահ զօրակցութիւնը դադրեցնէ, շատ արագ կարելի պիտի ըլլայ հրադադար հաստատել։ Թէ՛ համաշխարհային եւ թէ Ամերիկայի հանրային կարծիքը վերջին օրերուն սկսած է աւելի բարձրաձայնել այս պահանջը։ Առ այդ, Էրտողան շեշտեց, որ Ամերիկա պատմական պատասխանատուութիւն ունի տարածաշրջանին մէջ ժամ առաջ հրադադարի հաստատման գծով։
Էրտողան եւ Պայտըն անդրադարձան նաեւ երկկողմ յարաբերութիւններուն, ՆԱԹՕին՝ Շուէտի անդամակցութեան գործընթացին եւ «Էֆ.16» ռազմական օդանաւերու վերաբերեալ հարցերուն։ Անոնք ընդհանուր արժեւորումի մը ենթարկեցին նաեւ համաշխարհային եւ տարածաշրջանային բնոյթի հարցերը։