ՊՈԼԻՍ, «Ժամանակ».- Թուրքիա-Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւնները կը շարունակեն թէ՛ դժուարութիւններ եւ թէ յուսախաբութիւններ դիմագրաւել։ Անգարա-Պրիւքսէլ առանցքին վրայ, վերջին շրջանին լաւատես մթնոլորտ մը ստեղծուած էր՝ մանաւանդ Մաքսային միութեան համաձայնութեան այժմէականացման եւ Թուրքիոյ քաղաքացիներու մուտքի արտօնութիւններու ընթացակարգի դիւրացման հարցերուն շուրջ։ Եւրոպական Միութեան արտաքին յարաբերութիւններու եւ ապահովութեան քաղաքականութեան գերագոյն յանձնակատար Ժոզէփ Պորել այս ուղղութեամբ պատրաստած էր մասնաւոր տեղեկագիր մը, սակայն որոշուեցաւ այդ զեկոյցին քննարկումը յետաձգել յառաջիկայ Մարտին նախատեսուած գագաթնաժողովին։ Այս որոշումը Թուրքիոյ անհանգստութեան պատճառ դարձաւ։
Արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան այս կապակցութեամբ հեռաձայնային զրոյց մը ունեցաւ Եւրոպական անձնաժողովի ընդարձակման հարցերու յանձնակատար Օլիվեր Վարհելյիի հետ։ Նախարարը շեշտեց, որ Թուրքիոյ վերաբերեալ քննարկումներուն յաջորդ գագաթնաժողովին յետաձգուած ըլլալը ճիշդ որոշում մը չէ։ Ֆիտան Վարհելյիի նկատառման յանձնեց, որ Եւրոպական Միութիւնը Թուրքիոյ պարագային պէտք է աւելի արդար եւ աչալուրջ վերաբերմունք մը ցուցաբերէ։
Միւս կողմէ, նախագահ Էրտողան Պուտափեշտ այցելեց՝ Թուրքիա-Հունգարիա դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 100ամեակին առթիւ։ Ան հիւրընկալուեցաւ Հունգարիոյ նախագահ Քաթալին Նովաքի եւ վարչապետ Վիքթոր Օրպանի կողմէ։ Օրպան յայտարարեց, որ Հունգարիա Թուրքիոյ հետ կապերը պիտի ամրապնդէ՝ պաշտպանութեան եւ ուժանիւթի բնագաւառներուն մէջ։ Ան յայտնեց, որ իր երկիրը վիզաներու ազատականացման հարցին շուրջ կը պաշտպանէ Թուրքիան։ Ասիկա վերջին չորս ամիսներուն ընթացքին Էրտողանի Պուտափեշտ երկրորդ այցելութիւնն էր: