Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ «հուսիներու` Կարմիր ծովուն մէջ առեւտրական նաւերու վրայ յարձակումները համաշխարհային առեւտուրի ազատութեան սպառնալիք կը ներկայացնեն»:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին, որ կ՛այցելէ շրջանը, դատապարտեց հուսիներու յարձակումները եւ զանոնք աննախադէպ եւ անընդունելի որակելով:
Օսթին նշեց, որ յարձակումները կը սպառնան ազատ առեւտուրի հոսքին եւ անմեղ նաւաստիները վտանգի կ՛ենթարկեն:
Օսթին նաեւ «Կարմիր ծովուն մէջ առեւտուրի պաշտպանութեան» բազմազգեան գործողութեան մը շղթայազերծումը յայտարարեց:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Քաթրին Քոլոնա Փարիզի մէջ իր բրիտանացի պաշտօնակից Տէյվիտ Քեմրընի հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ Ֆրանսա իր գործընկերներուն հետ քայլերու պիտի ձեռնարկ է` վերջ տալու համար հուսիներու յարձակումներուն:
«Օմանի մէջ մեր եղբայրներուն ճամբով Միացեալ Նահանգներուն հետ հաղորդակցութիւն գոյութիւն ունի, եւ մենք ընդգծեցինք, որ մեր գործողութիւնները Կազա սննդեղէն եւ դեղորայք մտցնելու համար է», յայտնեց Եմէնի հուսիներու «Անսարուլա» շարժումի բանբեր Մուհամմատ Ապտելսալամ՝ աւելցնելով, որ այդ գործողութիւնները պիտի շարունակուին: