Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին՝ իբրեւ պատասխան Հայաստանի կառավարութեան ծրագիրին՝ զարգացնելու ճանապարհային եւ երկաթագիծի հաղորդակցութեան ուղիները երկու երկիրներուն, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ՝ իր աջակցութիւնը յայտնեց Կովկասի մէջ հաղորդակցութեան ուղիներու բացման վերաբերող որեւէ գործողութեան, որ նոյն ժամանակ հիմնուած պիտի ըլլայ բոլոր երկիրներուն ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին վրայ, կ՛ըսուի Իրանի նախագահի մամլոյ ծառայութեան տարածած հաղորդագրութեան մէջ:
Ռայիսի նաեւ գոհունակութիւն յայտնեց Հայաստանի եւ Իրանի միջեւ յարաբերութիւններու զարգացման եւ համաձայնագիրներու իրագործման գծով: Ան շեշտեց, որ Կովկաս կարեւոր տարածաշրջան մըն է, ուր խաղաղութեան անհրաժեշտութիւն կայ:
«Կովկասի նկատմամբ Իրանի արտաքին քաղաքականութիւնը ամրագրուած է, եւ պէտք է հետամուտ ըլլալ, որ Կովկասեան տարածաշրջանը մրցակցութեան դաշտ չդառնայ արտատարածաշրջանային երկիրներու համար, եւ անոր հարցերը լուծեն տարածաշրջանի երկիրները՝ առանց կողմնակի անձերու միջամտութեան», ըսաւ Ռայիսի, որ Թեհրանի մէջ «3+3» ձեւաչափով հանդիպման իրականացումը գնահատեց՝ իբրեւ կառուցողական քայլ տարածաշրջանային յարաբերութիւնները ամրապնդելու եւ համագործակցութեան, ինչպէս նաեւ տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ:
Ըստ վերոնշեալ հաղորդագրութեան՝ Փաշինեան իր կարգին Իրանի եւ Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն միջեւ կապերու շարունակութիւնը եւ աճը որակեց երկու երկիրներու կամք՝ համակողմանիօրէն զարգացնելու երկկողմ յարաբերութիւնները: