
ԶՈՀՐԱՊ ՍՎԱԶԼԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 19 Սեպտեմբեր 1945ին, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ եղբօր եւ հարազատին՝ Զոհրապ Սվազլեանի մահը, որ պատահեցաւ Հինգշաբթի, 14 Դեկտեմբեր 2023ին, Սան Ֆրանսիսքոյի մէջ։
Սգակիրներ՝
Քոյրը՝ Վերժին Սվազլեան եւ ընտանիք
Քոյրը՝ Արմենուհի (Սվազլեան) Անտոնեան եւ ընտանիք
Եղբայրը՝ Ժիրայր Սվազլեան եւ ընտանիք
Հանգուցեալ քրոջ՝ Զարուհի Սվազլեան-Տաղաւարեանի զաւակները՝ իրենց ընտանիքներով
Եւ համայն հարազատներն ու բարեկամները
Զոհրապ Սվազլեանի Կենսագրութիւնը
Զոհրապ Սվազլեան իր մահկանացուն կնքեց 14 Դեկտեմբեր 2023ին, Քալիֆորնիոյ Սթաքթըն քաղաքին մէջ: Ան ծնած էր 19 Սեպտեմբեր 1945ին՝ իր երկուորեակ եղբօր՝ Ճերարտ (Ժիրայրին) հետ, Աղեքսանդրիա, Եգիպտոս:
Զայն կը սգան անոր քոյրերը՝ Վերժինէն եւ Արմենուհին, ու եղբայրը: Զոհրապը, երեք քոյրերը, ներառեալ՝ Զարուհիին, եւ եղբայրը ու ծնողքը՝ Սիրարփին եւ Գառնիկը, 1947ին, երբ ան միայն երկու տաեկան էր, կը ներգաղթեն Հայաստան, ուր ան անցուց կազմաւորման իր տարիները:
Հայաստան տեղափոխուելէ ետք, ան կորսնցուց իր հայրը՝ զինք եւ իր ընտանիքի անդամները ձգելով առանձին նոր երկրի մը մէջ:
Անոր ծնողքին անսահման փափաքն էր, որ իրենց զաւակները երաժիշտներ դառնան, առ այդ, Զոհրապը սկսաւ թաւջութակ նուագելու դասերու հետեւիլ եւ, աւելի ուշ, ան դարձաւ տաղանդաւոր արհեստավարժ թաւջութակահար, նուագակցելով իր դաշնակահար քրոջ՝ Արմենուհիին եւ ջութակահար եղբօր՝ Ճերարտին, անոնք կազմեցին Սվազլիան Երրեակը:
Զոհրապը 1975ին իր մօր, եղբօր եւ Արմենուհիին հետ գաղթեց Միացեալ Նահանգներ, իսկ 1978ին՝ Սան Ֆրանսիսքօ, ուր ապրեցաւ մինչեւ իր մահը:
Զոհրապը հեզահամբոյր, սիրող, սքանչելի զուարթախոհութիւն եւ ազնիւ հոգի ունեցող անձ մըն էր: Բոլոր զայն սիրողները պիտի զգան անոր բացակայութիւնը: Թող անոր հոգին մնայ խաղաղութեան մէջ: