Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Փաւլովսքի թանգարան-արգելոցին մէջ շրջագայութեան ընթացքին զրուցեց Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ:
Ըստ համացանցին վրայ յայտնուած տեսանիւթին` Փաւլովսքիի մէջ շրջայցին ընթացքին, Փութին եւ Փաշինեան միւս առաջնորդներէն առանձնացած կը զրուցէին: Կողմերը առայժմ մանրամասնութիւններ չհաղորդեցին։
Նշենք, որ ԱՊՀի երկիրներու ղեկավարներու հաւաքը ընթացք առաւ մշակութային նախաձեռնութեամբ մը։