Ըստ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան՝ Ֆրանսայի դեսպանատան երկու աշխատակիցներ «անբաղձալի անձ»եր յայտարարուած են «իրենց դիւանագիտական կարգավիճակին չհամապատասխանող, 1961ի Վիեննայի համաձայնագիրին հակասող գործունէութեան պատճառով»։
Այս գծով, 26 Դեկտեմբերին, դեսպանուհի Անն Պուայոն նախարարութիւն հրաւիրելով՝ անոր ուշադրութեան յանձնուեցաւ, որ երկու դիւանագէտները պէտք է 48 ժամերու մէջ հեռանան երկրէն։ Յաւելեալ մանրամասնութիւններ չհաղորդուեցան։
Նշենք, որ Պաքու-Փարիզ յարաբերութիւնները վերջերս վատթարացած են Ֆրանսայի հայանպաստ քայլերուն պատճառով։