«Ազատութիւն»ը կը տեղեկացնէ, թէ վրացական «Առաջին ալիք»ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց ՆԱԹՕի ընդհանուր քարտուղարի Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Խաւիէր Քոլոմինա, նշելով, որ ՆԱԹՕն պիտի շարունակէ իր աջակցութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման:
«Իմ կարծիքով, Կովկասի մէջ կայունութեան պահպանումը իսկապէս հիմնարար հարց է ոչ միայն այն աշխատանքի ծիրին մէջ, զոր ՆԱԹՕն կը տանի Վրաստանի մէջ, այլ նաեւ այն ծիրին մէջ, որ կրնայ ապահովուիլ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման իբրեւ արդիւնք», յայտնեց ան:
Երեւան նախապէս յայտարարած էր, որ պիտի ընդարձակէ իր ապահովական քաղաքականութիւնը: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ՆԱԹՕի հետ մերձեցման հարցին մէջ Հայաստանի շահագրգռուածութիւնը կը տեսնէ՞՝ Քոլոմինա ըսաւ. «Իմ կարծիքով, Հայաստան շատ յստակ որոշում տուած է փոխելու իր արտաքին քաղաքականութիւնը եւ Մոսկուայի հետ յարաբերութեան մէջ ինքզինք հեռու պահելու: Մենք ալ այդ քայլը ողջունած ենք: Հայաստանի քաղաքացիները որոշումներ տալու ազատութիւնը ունին եւ անոնք այդպէս որոշած են:
Հայաստան արդէն սկսած է մերձենալ մեզի (ՆԱԹՕին – Խմբ.): Անոնք կը պահանջեն յաւելեալ համագործակցութիւն, յաւելեալ քաղաքական երկխօսութիւն եւ ՆԱԹՕի աւելի մեծ ներկայացուածութիւն: Մենք կ՛ողջունենք մեր գործընկերներուն որոշումները՝ ի շահ շրջանի կայունութեան»: