Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով յայտարարեց, որ պետական սահմանին վրայ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպման առաջարկ ներկայացուցած է: Ըստ «Արմէնփրէս»ի՝ ատրպէյճանական լրատուամիջոցները յայտնեցին, որ Պայրամով այս մասին յայտարարեց ասուլիսի մը ընթացքին:
«Երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները կրնան հանդիպիլ պետական սահմանին վրայ: Մենք ներկայացուցած ենք այս առաջարկը: Իսկ ինչ կը վերաբերի Ատրպէյճանի կամ Հայաստանի մէջ հանդիպում ունենալուն՝ ինչո՞ւ ոչ: Ուշ կամ կանուխ անիկա տեղի պիտի ունենայ», յայտարարեց ան:
Պայրամով պնդեց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցային գործընթացը պէտք չէ պատանդ դառնայ երրորդ երկիրներու:
Ան դիտել տուաւ նաեւ, թէ Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագիրին գծով տակաւին կան տարակարծութիւններ, սակայն անոնց թիւը էականօրէն նուազած է: