
Սահմանադրական դատարանի դատաւոր Արայիկ Թունեան հրաժարական տուաւ: Այդ մասին յայտարարեց Ազգային ժողովի նախագահը:
Սահմանադրական դատարանի մամլոյ ծառայութենէն «Ազատութեան» փոխանցեցին, որ հրաժարականին պատճառը Թունեանի՝ Եւրասիական տնտեսական միութեան դատարանի դատաւոր ընտրուիլն է:
Ըստ Ազգային ժողովի կանոնակարգի 147րդ յօդուածի Ա. մասին՝ «վարչապետից եւ վճռաբեկ դատարանի դատաւորներից բացի, Ազգային ժողովի կողմից ընտրուած կամ նշանակուած միւս պաշտօնատար անձինք հրաժարականի մասին իրենց գրաւոր դիմումը պաշտօնապէս ներկայացնում են Ազգային ժողովի նախագահին, ով այդ մասին հանդէս է գալիս յայտարարութեամբ»: Ըստ նոյն յօդուածին՝ եթէ հրաժարականի հրապարակումէն ետք մէկ շաբաթուան ընթացքին պաշտօնեան ետ չվերցնէ հրաժարականի դիմումը՝ կը մշակուի անոր լիազօրութիւններու դադրեցման արձանագրութիւն մը, զոր կը ստորագրէ եւ կը հրապարակէ Ազգային ժողովի նախագահը, եւ հրաժարականը կը նկատուի ընդունուած:
Արայիկ Թունեան Սահմանադրական դատարանի դատաւոր էր 2014էն ի վեր: