Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեան եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեան Երեւանի մէջ քննարկեցին տնտեսական եւ ապահովական յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր:
Ըստ հայկական կողմին՝ Գրիգորեան եւ Ապտոլլահեան անդրադարձան Հայաստանի կառավարութեան կողմէ ներկայացուած «Խաղաղութեան խաչմերուկ» նախագիծին եւ շեշտեցին տարածաշրջանին մէջ երկարատեւ խաղաղութիւն ունենալու հրամայականը: