ԱՄՆ դէտերու առաքելութեան եզրակացութեամբ՝ Արցախի նախագահական ընտրութիւնները կայացած են ազատ, անկախ, ազնիւ, թափանցիկ, ԼՂՀ օրէնսդրութեանը եւ միջազգային չափանիշներուն համապատասխան:
«Միջազգային հանրային օրէնքի եւ քաղաքականութեան խումբ»ը ընտրութիւններու ընթացքին դիտարկած է 50 ընտրատեղամաս: Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը մեծ յառաջխաղացք ապրած է ժողովրդավարութեան ամրապնդման իմաստով, յայտարարեց խումբի ղեկավար Վլատիմիր Մատիչ:
Ըստ իրեն, այս ընտրութիւնները կազմակերպչական առումով լաւագոյնն էին նախորդ երեքին հետ բաղդատած եւ աւելցուց, որ ընտրութիւնները դիտարկած են նաեւ այլ միջազգային դէտեր, ինչ որ ցուց կու տայ, որ երկիրը բաց է, եւ բազմաթիւ երկիրներ հետաքրքրուած են այս ընտրութիւններով:
Նոյն խումբի անդամ Փօլ Ուիլեըմս համոզուած է, որ իրենց առաքելութեան եզրակացութիւնը հաշուի կ’առնուի իրենց երկրի եւ այլ միջազգային կառոցներու կողմէ: Անոնք զեկոյցը պիտի յղեն նաեւ Քոնկրէսին:
ԼՂՀի ընտրութիւններուն մասին դրական գնահատականներ տուին գերմանացի, յոյն եւ ռուս դէտեր:
Յիշեցնենք, որ ընտրութիւններուն կը հետեւէին շուրջ 100 միջազգային դէտեր՝ Ռուսիայէն, Ուքրանիայէն, Ֆրանսայէն, Պելճիքայէն, Մակեդոնիայէն, Իտալիայէն, Գերմանիայէն, Չեխիայէն, Յունաստանէն եւ Ամերիկայէն: