ԼՈՆՏՈՆ, «Ռոյթըրզ».- Բրիտանիոյ դէմ ահաբեկչական երեք յարձակումներու փորձերէն ետք Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաուն յայտնեց, որ Բրիտանիա «Քայիտա»ի հետ կապ ունեցող անձերու շարունակուող սպառնալիքին դիմաց տեղի պիտի չտայ։
Վարչապետը կը խօսէր Կլասքոյի օդակայանին դէմ հրկիզուող ինքնաշարժով յարձակումէն եւ Լոնտոնի մէջ երկու ականուած ինքնաշարժներու յայտնաբերումէն ետք։ Յարձակումներուն պատճառով եօթը հոգի ձերբակալուած է, եւ ոստիկանութիւնը կը շարունակէ իր խուզարկութիւնները։
Բրիտանիոյ ներքին գործոց նախարար Ճեքի Սմիթ յայտնեց, որ երկրին ժողովուրդը պէտք չէ «վախնայ կամ թոյլ տայ, որ ոեւէ մէկը մեր սովորական կեանքը շարունակելը արգիլէ»։
Կլասքոյի օդակայանին մէջ ձերբակալուած անձերէն մէկը ծանր այրուածքներ ստացած է եւ փոխադրուած հիւանդանոց:
Բրիտանիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ ահազանգը դրուած է իր բարձրագոյն մակարդակին վրայ։
Բրիտանիոյ վարչապետ Կորտըն Պրաուն յայտնեց, որ «յստակ է, որ ընդհանուր առմամբ գործ ունինք «Քայիտա»ի հետ առնչուած անձերու հետ։ Յստակ է, թէ ոչ միայն այս երկրին մէջ, այլ աշխարհի տարածքին ունինք խումբ մը մարդիկ, որոնք պատրաստ են որեւէ պահու քաղաքացիներուն ըստ իրենց կամքին առաւելագոյն վնաս հասցնել»։
Պրաուն նաեւ գովեց ոստիկանութեան եւ ապահովական սպասարկութիւններուն «հոյակապ աշխատանք»ը, ինչպէս նաեւ ժողովուրդին աչալրջութիւնը։ Ան յայտնեց, որ ժողովուրդը պէտք է շարունակէ «երկարատեւ ու շարունակուող սպառնալիքին» դիմաց աչալուրջ մնալ։ Պրաուն նաեւ յայտնեց, որ «պէտք է մեր հասարակութեան չափաւորական անդամները անջատենք փոքրաթիւ ծայրայեղականներէն, որոնք կ՚ուզեն ի գին իրենց կրօնի աղաւաղումին թէ՛ բռնութիւն գործել եւ թէ առաւելագոյն չափով զոհեր խլել»։