Երազներու ինչ ըլլալուն կամ անոնց մեկնութեան հետ առնչութիւն ունեցող գրութիւն մը չէ այս յօդուածը: Ո՛չ ալ երազահան հաստափոր գիրքի մը պատրաստութեան նախընթաց աշխատանք մըն է ասիկա: Խորագիրը ինքնին որոշ չափով կը մեկնէ գրութեան իմաստը, եթէ ընթերցողը վարժ է պատկերաւոր բացատրութեանց: «Երազ մը ունեցի՛ր» բարեկամական խօսքը կը թելադրէ ունկնդիրին իր կեանքը դարձնել հեռանկարի մը սլաքուած եւ յստակ ուղղութեամբ ընթացող կեանքի: Մէկ խօսքով, «երազ մը ունեցի՛ր» կը նշանակէ, թէ՝ մեր կեանքը նպատակակէտ պէտք է ունենայ եւ հասնի իր կատարումին:
Առաջին իսկ առիթով, առարկողներ կրնան ըլլալ, ըսելով, թէ կեանքը կարելի չէ հիմնել երազի վրայ, որովհետեւ երազը աննիւթեղէն գոյութիւն մը ունենալով, կամ պարզապէս մտքի պաստառին վրայ երեւցած պատկերներու հատուկտոր պատկեր մը ըլլալով, հիմնաւոր արմատ մը չունի: Հետեւաբար կարելի չէ նման երեւոյթի մը վրայ հիմնել ամբողջ կեանք մը: Սակայն, նախ պէտք է սահմանել «երազ» բառին իմաստը եւ այս գրութեան պատշաճող անոր հասկացողութեամբ մօտենալ հարցին:
«Երազ» բառը, միայն գիշեր ատեն տեսնուած պատկերներու կամ երբեմն շատ երկար թուացող անրջային շարժանկարի մը իմաստը չունի: Ո՛չ ալ զայն պէտք է միայն շփոթել «տեսիլք» բառին հետ, որ՝ ո՛չ քուն եւ ո՛չ արթուն պահուան մէջ եղած յայտնութիւն մըն է, երբեմն երկնային, երբեմն ներքին՝ հոգեկան: Այս վերջինը նախազգացումի եւ իրականութեան միջեւ կը դնեն ոմանք եւ, չափազանցօրէն լրջութեամբ մօտենալով իրենց զգացումներուն, ըստ այնմ կը տնօրինեն իրենց կեանքին դիմաց բացուող յաջորդող հանգրուանը:
Խօսակցական մեր լեզուին մէջ գործածուող «երա՞զ կը տեսնես», «մի՛ երազեր», «երազային աշխարհի մէջ է» եւ նման արտայայտութիւններ առհասարակ ցոյց կու տան մեր կասկածը այն անձերուն նկատմամբ, որոնք երբեմն յանդուգն որոշումներ ունենալով, զանոնք գործադրելու համար ճամբայ կ’իյնան: Երբեմն արկածախնդիրներ են անոնք եւ կրնայ նաեւ պատահիլ, որ յաջողին իրենց կեանքին մէջ: Անոնք երբեմն «խենթեր» կը նկատուին, սակայն գիտակից իրենց ուղղութեան եւ մանաւանդ անքակտելիօրէն փարած իրենց վախճանական նպատակին:
Իսկ՝ «Տեսիլք ունեցած է», «յաճախ տեսիլքներ կ’ունենայ», «տեսիլքներով կը յայտնուի անոր» արտայայտնութիւնները ընդհանրապէս դրական իմաստով կը գործածուին աստուածավախ մարդոց համար, որոնք աղօթքի կեանքին նուիրուած են կանուխէն: Սրբակենցաղ անձերու համար գործածուող այս «տեսիլք տեսնելու» երեւոյթը պէտք է զգուշութեամբ գործածել անշուշտ, չ’իյնալու համար արեւմտեան կրօնական շարժումներու ազդեցութիւնը կրող կամայական տեսիլքներ տեսնողներու եւ ապսպրուած «երկնային յայտնութիւններ» ունեցող բախտախնդիրներու որջերը:
Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէկ կարեւոր հանգրուանին, երբ մեր ազգը ամբողջ քրիստոնէութեան լոյսով պայծառակերպուեցաւ, Ագաթանգեղոս պատմիչ կը յիշէ տեսիլք մը, զոր Հայոց Լուսաւորիչը՝ Սուրբ Գրիգոր ունեցաւ: Ատիկա քրիստոնէութեան հիմնադրումն ու արմատաւորումն էր Հայաստան աշխարհի մէջ, Միածնին երկիր էջքով եւ հայկական առաջին եկեղեցւոյ հիմնադրումով: Այնպէս, ինչպէս պատմիչը կը յիշէ, Սուրբ Գրիգորի տեսածը «ոչ ի քուն երազ էր, եւ ոչ յարթնութեան տեսիլ»:
Հին Կտակարանին մէջ կը հանդիպինք տեսիլքներ ունեցող կամ աստուածային յայտնութիւններու զգացողութեամբ օժտուած անձերու: Ծննդոց Գիրքին մէջ Աստուած Աբրամի երազին մէջ գալով, որդի մը կը խոստանայ անոր (Ծն. 15.1-6): Յակոբ երկրէն երկինք երկարող սանդուխը կը տեսնէ երազին մէջ (Ծն. 28.12): Յովսէփ երազին մէջ կը տեսնէ, թէ իր ծնողքը ու եղբայրները իրեն խոնարհութիւն կ’ընեն (Ծն. 37.5-8): Փարաւոնին մատռուակապետը երազին էջ կը տեսնէ, թէ իր նախկին դիրքին վերադարձած է (Ծն. 40.9-13): Փարաւոնին հացթուխը երազին մէջ կը տեսնէ, որ փարաւոնը սպաննել կու տայ զինք (Ծն. 40.16-19): Փարաւոն ի՛նք երազ կը տեսնէ Եգիպտոսի առատութեան եւ երաշտի տարիներուն մասին (Ծն. 41.17-32): Երկար է շարքը տակաւին Աստուածաշնչական մէջբերումներուն, ուր երկնային յայտնութիւններ կը կատարուին երազներու ճամբով, հողեղէն բնութեամբ ստեղծուած մարդոց եւ ապա իրականութիւն կը դառնան:
Նոր Կտակարանեան էջերուն մէջ եւս բազմաթիւ են նման յայտնութիւններ. Դամասկոս ապրող Անանիա տեսիլքի մէջ հրահանգ ստացաւ, որ Պօղոսի համար աղօթէ (Գրծ. 9.10): Սօղոսի տեսիլքով յայտնուեցաւ, որ Անանիա իր տեսողութիւնը պիտի վերականգնէ (Գրծ. 9.12): Աստուած տեսիլքով Պետրոսի խօսեցաւ անմաքուր կենդանիներու մասին (Գրծ. 11.5):
Մեր մանկութեան օրերուն հանդիպած ենք հաւատքի խորք ու համոզում ունեցող իսկական բարեպաշտ անձերու, որոնք իրենց կատարելիք իւրաքանչիւր կարեւոր գործին նախօրեակին, Աստուծմէ առաջնորդութիւն կը խնդրէին աղօթքով: Իրենց խնդրանքներուն պատասխանները անոնք կ’ըսէին, թէ կը ստանան տեսիլքներով ու յայտնութիւններով:
Այս բոլոր երկնային յայտնութիւնները ու սրբակենցաղ անձերու կողմէ տրուած վկայութիւնները իրենց կարգին կարեւոր են հաւատքի փորձառութեան իմաստով: Սակայն, հաւատքի մեր կեանքը եւ այն միջավայրը, որուն մէջ կ’ապրինք հողեղէն մեր գոյութեան ժամանակամիջոցին, յստակ ուղղութեան կարիքը ունի: Նպատակակէտ մը պէտք է սպասէ իւրաքանչիւր անձի: Հեռանկար մը պէտք է ունենայ ամէն մարդ ու այդ ուղղութեամբ պատրաստէ ինքզինք այս կեանքին մէջ:
Համալսարանական ուսման պարագային, կրթական բարձրագոյն այդ օճախները, արեւելումի յատուկ բաժանմունք կ’ունենան տակաւին կեանքին նոր բացուող երիտասարդին ուղղութիւն տալու համար: Կեանքի համալսարանը եւս նոյն պայմանները ունի: Սակայն մէկ տարբերութեամբ, որ հոն հազուադէպ են արեւելումի օգնութիւն ցուցաբերող անձերը: Ընդհակառակը, երբեմն մեր դիմաց կրնան ելլել մեզ շփոթութեան մատնող անհատներ, որոնք կրնան դիտումնաւոր կամ անգիտակից կերպով շեղել մեր կեանքին ընթացքը ու աղէտալի հետեւանքներու առաջնորդել մեր անմեղ կեանքը:
Առ այդ, արթնութիւնը եւ շրջահայեցութիւնը ամէնէն կարեւոր երկու ազդակներն են, որոնք կը պաշտպանեն մեզ նման մարդորսներէ: Այդ արթնութեամբ ու շրջահայեցութեամբ մենք կրնանք երազ մը ընտրել մեր կեանքին համար: Այդ երազը եթէ բարի է, եթէ օգաւէտ է մեզի եւ մեր շրջապատին համար, անպայման որ երկնային միջամտութեամբ պիտի «մեկնուի», դէպի իրականացում ընթանայ, պայմանաւ, որ նախ մենք հաւատանք անոր: Կեանքի երազ մը, հեռակայ հսկայ աշխատանք մը կէսով չափ կատարուած պէտք է համարել, երբ կայ զայն կատարելու լծուած հաւատաւոր կամաւոր մը, որ զայն որդեգրած ու իւրացուցած է:
Երազ մը ունեցի՛ր, այո՛, սակայն ընտրա՛ծ իսկ պահուդ հաւատա՛ անոր կատարման, վստահ ըլլալով որ աշխատանքային կերպերու եւ միջոցներու մասին երկնային առաջնորդութիւնը պիտի չ’ուշանայ քեզի…: