Հայաստանի մօտ Միացեալ Նահանգներու դեսպանութիւնը իր աշխատակիցներուն եւ անոնց ընտանիքներուն խորհուրդ կու տայ խուսափիլ Գեղարքունիքի, Սիւնիքի, Արարատի մարզերուն մէջ սահմանամերձ կարգ մը բնակավայրեր ուղեւորութիւններէ։
Դեսպանատունը 2 Փետրուարին այս մասին հրապարակեց երկու յայտարարութիւններ՝ վերոյիշեալին մէջ մեղմացնելով նախորդ սահմանափակումները:
Առաջինին մէջ դեսպանատունը յորդորեց խուսափիլ հետեւեալ ուղղութիւններէն. Գեղարքունիք մարզին մէջ՝ Վարդենիսէն արեւելք, Սիւնիքի մարզին մէջ՝ Գորիսէն արեւելք, Կապանէն հարաւ ճամբորդութիւններէն, Արարատի մարզի Երասխ գիւղով, ըստ դեսպանատան, երթեւեկութիւնը թոյլատրուած է, կանգ առնելը` ոչ:
«Միացեալ Նահանգներու քաղաքացիները պէտք է շարունակեն զգուշաւորութիւն դրսեւորել Հայաստանի ու Ատրպէյճանի միջեւ բոլոր միջազգային սահմաններու մերձակայքը: Նկատի առէք, որ ճամբու կարգ մը հատուածներ կրնան հատել միջազգային սահմանները առանց ծանուցման: Ճամբաները կրնան վերահսկուիլ հսկիչ անցակէտերով կամ փակուիլ ճամբորդներուն դիմաց՝ առանց նախազգուշացման», կ՛ըսուի Միացեալ Նահանգներու դեսպանատան յայտարարութեան մէջ: