Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով Չեխիոյ Հանրապետութեան խորհրդարանի Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Մարքեթա Փեքարովայի հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին յայտարարեց հետեւեալը. «Ատրպէյճան Եւրոպական Միութեան եւ դաշինքի անդամ երկիրներու յուսալի գործընկերն է. մեր երկրին նկատմամբ երկակի չափանիշեր կիրարկելը եւ անարդար մօտեցում դրսեւորելը չեն նպաստեր տարածաշրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման»:
Ըստ ատրպէյճանական պետական լրատուամիջոցներուն՝ Պայրամով աւելցուց՝ ըսելով. «30 տարիներու ընթացքինմ առաջին անգամ ըլլալով Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան իրական պայմաններ կը ստեղծուին, եւ Եւրոպական Միութեան ու անդամ կարգ մը երկիրներու կողմէ որեւէ պատրուակով Հայաստանին ռազմական օգնութիւն տրամադրելը կամ հովանաւորչութեան ճամբով Հայաստանին խաղաղ գործընթացէն դուրս բերելը վնաս կը հասցնեն Հարաւային Կովկասի մէջ կայուն խաղաղութեան հաստատման»: