Անօդաչու թռչող սարքերու արտադրութեամբ զբաղող թրքական «Պայրաք» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Հալուք Պայրաքթար «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան տեղեկացուց, թէ Քիեւի մօտերը սկսած է «Պայրաքթար» անօդաչու թռչող սարքերու գործարանի մը շինարարութիւնը՝ աւելցնելով, թէ առաջին անօդաչուները պատրաստ պիտի ըլլան 2025ին։
Ըստ Պայրաքթարի՝ գործարանին շինարարութեան համար շուրջ 95 միլիոն տոլար ներդրում կատարուած է։
Նշենք, որ Ուքրանիոյ մէջ «Պայրաքթար»ներու գործարան կառուցելու վերաբերեալ համաձայնագիրը կնքուած էր Փետրուար 2022ին՝ ռուսական ներխուժումէն քանի մը օր առաջ։