Կիրակի, 28 Յունուարին, «Արարատ տան» հայաշունչ յարկին տակ տեղի ունեցաւ գրող արձակագիր Արմէն Կարօ Հայթայեանի նորատիպ հատորին՝ «Թաքուն Մարգարիտներ»ուն, գինեձօնը:
Ներկայ էին Լոս Անճելըսի շարք մը մշակութասէր հայրենակիցներ, գլխաւորութեամբ՝ «Արարատ տան» տնօրէնութենէն Տերիք Ղուկասեանի եւ Ռիթա Նորաւեանի:
Ծրագիրին ընթացքին, հանդիսականները առիթը ունեցան նորատիպ գիրքին վերաբերեալ իրենց հարցումները յղելու հեղինակ Հայթայեանին, որ մեծ խանդավառութեամբ պատասխանեց բոլոր հարցումներուն, ապա պատուի յուշանուէր փոխանցուեցաւ հեղինակին եւ Արդեմիս Խաչատրեանին, որ իր կարեւոր մասնակցութեամբ օգտակար հանդիսացած էր հեղինակին` գիրքը խմբագրելու աշխատանքներուն:


Հանդէսին աւարտին, մասնակցողները հեղինակին քաջառողջութիւն, ուժ եւ եռանդ մաղթեցին՝ նոր ստեղծագործութիւններու համար:
Հանդիսատեսը գոհունակութեամբ մեկնեցաւ սրահէն՝ իր հետ ունենալով նորատիպ գիրքէն օրինակներ:
(Թղթակցութիւնը՝ գինեձօնը կազմակերպողներէն)