
ԿԼԵՆՏԷՅԼ.- Հայ Կրթական հիմնարկութեան կազմակերպութեամբ, Շաբաթ, 27 Յունուարին, Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղի (UCLA) «Ռոյս» շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ միջդպրոցական հինգերորդ ճարտասանական մրցումը, որ այս տարի իրականացուեցաւ նշեալ համալսարանին Աշխարհի լեզուներու կեդրոնին հետ համագործակցութեամբ։
Նաեւ այս տարի առաջին անգամ ըլլալով մրցանքին մասնակցեցան միջնակարգ վարժարաններէ աշակերտներ։
Մրցումին մասնակցեցան ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան, Հայ Քոյրերու, Մերտինեան, Սահակ-Մեսրոպ եւ Շամլեան, Մեսրոպեան, Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան ու Ռոզ եւ Ալէք Փիլիպոս Ազգային վարժարանները:
Իւրաքանչիւր վարժարանէ երկու աշակերտներ կը մասնակցէին մրցումին. անոնցմէ մէկը իր ճառը արտասանեց հայերէնով, իսկ երկրորդը՝ անգլերէնով:
Ճարտասանութեան այս տարուան մրցումին դատակազմին մաս պիտի կազմէին՝ իրաւաբան Ալեքս Պասթեան, Թերեզա Յովհաննիսեան, Զաւէն Քիւրօղլեան, Սեւ Օհանեան, տոքթ. Շանթ Շխրտմեան, Վրոյր Թադէոսեան, Արմինէ Ամիրեան, դոկտ. Յակոբ Կիւլլիւճեան, Անի Յովհաննէսեան Գէորգեան, Արաքսիա Կարապետեան, Գեղամ Մուղնեցեան եւ դոկտ. Լիլիթ Քէշիշեան։

Հանդիսավարներն էին՝ Թենի Կարապետեան եւ Հայկ Պոյաճեան։
Միջնակարգ վարժարաններու մրցանակներուն արժանացան՝ Արփա Պոսթանեան (6րդ դասարան, Հայ Քոյրերու վարժարան, հայերէնի մրցանակ) եւ Յարութ Քարատանեան (8րդ, ՀԲԸՄի Մանուկեան-Տեմիրճեան վարժարան, անգլերէնի)։
Ռիչըրտ Յովհաննէսեանի անուան կրթանպաստը ստացան երկրորդական վարժարաններու մրցանակներուն արժանացած՝ Նաթալի Եզաճեան (10րդ, Սրբոց Նահատակաց Ֆերահեան Ազգային վարժարան, հայերէնի) եւ Նարօտ Էքմէքճեան (11րդ, Մեսրոպեան Ազգային վարժարան, անգլերէնի)։
Շահողները ստացան 1000ական տոլարի մրցանակ։
Հայ Կրթական հիմնարկութեան ճարտասանական մրցումին նպատակն է՝ հայ աշակերտներուն մօտ զարգացնել հանրային ճառախօսութեան արուեստը, որ իրենց ապագայ ասպարէզներուն մէջ յոյժ օգտակար կրնայ ըլլալ՝ աւելցնելով, որ անիկա մէկ մասնիկն է աշխարհի տարածքին հայ աշակերտներու եւ ուսանողներու նեցուկ կանգնելու՝ Հայ Կրթական հիմնարկութեան առաքելութեան։
Հայ Կրթական հիմնարկութիւնը հաստատուած է 1950ին, կրթական սպասարկութիւններ տրամադրելու համար հայ ուսանողներու եւ կրթական հաստատութիւններու՝ Հայաստանի, Արցախի եւ Սփիւռքի տարածքին: Հիմնարկութեան գործունէութեան մասին յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.aefweb.org կայքը: