Սեպտեմբեր 16ին, ներկայութեամբ Լեռնային Ղարաբաղի հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Գէորգի Պետրոսեանի, համանախագահները ընդունեց ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեան:
Հանդիպման սկիզբը համանախագահները շնորհաւորեցին Բակօ Սահակեանը՝ նախագահի պաշտօնը ստանձնելու կապակցութեամբ:
Քննուեցան հակամարտութեան ներկայ փուլին եւ հնարաւոր զարգացումներուն կապուած հարցեր: Ներկայացնելով Լեռնային Ղարաբաղի դիրքորոշումը՝ Սահակեան ընդգծեց, որ ԼՂՀն կողմնակից է հարցի բացառապէս խաղաղ լուծումին, յատկապէս շեշտելով, որ առանց բանակցային գործընթացին ղարաբաղեան կողմի լիիրաւ մասնակցութեան՝ խնդիրը կարելի չէ լուծել:
Համանախագահները նոյնպէս ընդգծեցին ղարաբաղեան կողմի մասնակցութեան կարեւորութիւնը, յոյս յայտնելով, որ այդ ժամանակի խնդիր է:
Հանդիպումէն յետոյ նախագահ Բակօ Սահակեան լրագրողներուն յայտնեց, որ ղարաբաղեան կողմը անգամ մը եւս հաստատած է իր հաւատարմութիւնը խնդիրի խաղաղ լուծումին եւ կառուցողական երկխօսութեան եւ աւելցուց. «Մենք խօսել ենք բանակցութիւնների ձեւաչափի մասին եւ արձանագրել, որ դա անարդիւնաւէտ ձեւաչափ է: Մենք խօսել ենք Հայաստանի մասնակցութեան մասին եւ ասել, որ վստահում ենք Հայաստանին, աւելին՝ երախտապարտ ենք գործադրուող ջանքերի համար, սակայն բանակցութիւնների տրամաբանական աւարտի համար անհրաժեշտ է Ղարաբաղի լիիրաւ մասնակցութիւնը»:
Ֆրանսացի համանախագահ Պ. Ֆասիէի կարծիքով, հանդիպումը շատ դրական էր. «Մենք կը խորացնենք եւ կը զարգացնենք ԼՂ ղեկավարութեան հետ գործակցութիւնը: Բանակցային սեղանի շուրջ մենք պէտք է տեսնենք ԼՂ ներկայացուցիչներին, եւ որքան շուտ, այնքան լաւ: Մենք չենք որոշել այս ձեւաչափը, բայց այն ժամանակն է փոխել», յայտարարեց Ֆասիէ:
Ամերիկացի համանախագահ Մ. Պրայզա համամիտ գտնուելով Ֆասիէին, աւելցուց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ նոր քաղաքական շրջանի սկիզբը չի նշանակեր, որ բանակցային աշխատանքները պէտք է դադրին:
Այս զոյգ հանդիպումներէն յետոյ համանախագահները Երեւանի ֆրանսական դեսպանատան մէջ հրաւիրած ասուլիսի ընթացքին յոյս յայտնեցին, որ Պաքուի մէջ նախատեսուող հանդիպումները եւս կը կայանան շինիչ մթնոլորտի մէջ: ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանին հետ առաջին շփումը եւս համանախագահները դրական գնահատեցին՝ նշելով, որ ստացած են տեղեկութիւններ, որոնք տակաւին վերլուծումի կարիք ունին:
Համանախագահները մանրամասնութիւններ չբացայայտեցին բանակցային գործընթացի վերաբերեալ եւ չուզեցին յստակացնել Քոչարեան-Ալիեւ հանդիպման հնարաւորութիւնը:
Ֆասիէի խօսքերով, Լեռնային Ղարաբաղը բանակցային սեղանին վերադարձնելը ժամանակի խնդիր է. «Պէտք է գայ մէկ օր եւ որքան շուտ, այնքան լաւ, ու Լեռնային Ղարաբաղի ներկայացուցիչները կը դառնան բանակցային գործընթացի մաս», ըսաւ ֆրանսացի համանախագահը եւ աւելցուց, որ համանախագահները բազմիցս ընդգծած են, որ խնդիրը այլ ձեւաչափով քննարկման դնելը ՄԱԿի մէջ կը համարեն անընդունելի: