ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- «Ազգային պատկերասրահ» միջազգային երրորդ երաժշտական փառատօնը պիտի շարունակուի նաեւ աշնան: Ըստ փառատօնի հիմնադիր Մարիամ Շահինեանի, այս նոր ծրագիրը կը կոչուի «Վերադարձ» եւ նախատեսուած է Սեպտեմբեր 20-30ին:
Կը նախատեսուի, որ աշնանային այս փառատօնին մասնակցին Սփիւռքի մէջ ստեղծագործող 10 հայ երաժիշտներ: «”Վերադարձ” անուանումը խորհրդանշական է, քանի որ փառատօնի շրջանակներում Հայաստանում կը հաւաքուեն հայազգի երաժիշտներ եւրոպական հինգ երկրից», ըսաւ Շահինեանը:
Փորթուկալէն Հայաստան պիտի ժամանէ երաժիշտ Լեւոն Մուրադեանը, Պելճիքայէն’ Կարէն Յարութիւնեանը: Փառատօնին պիտի մասնակցի նաեւ աշխարհահռչակ երիտասարդ երաժիշտ Սերկէյ Խաչատրեանը, ինչպէս նաեւ երաժիշտներ Ֆրանսայէն, Գերմանիայէն, Սպանիայէն:
Նշենք, որ այս տարուան գարնանային շրջանը սկսած էր Ապրիլ 20էն՝ տեւելով մինչեւ Յունիս 20ը: Այն բաղկացած էր եօթ ելոյթներէ՝ հանրայայտ իտալական «Փրոմեթեօ» քառեակը, Պերլինէն յայտնի թաւջութակահար Տենիս Ժտանովը, Լոնտոնէն հայազգի Ալեքսանդր Չաուշեանը՝ «Նարեկացի» արուեստի միութեան սենեկային նուագախումբի հետ միասին, Արցախի պետական սենեկային նուագախումբը եւ Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոցի երիտասարդական նուագախումբը՝ երիտասարդ խմբավար Սերկէյ Սմբատեանի ղեկավարութեամբ: