
ՄԱՐԻ (ՊԱՂՏՈՅԵԱՆ) ՉԷՔԵԱՆ
(Ծնեալ՝ 1928ին, Հալէպ, Սուրիա)
Սրտի դառն կսկիծով կը գուժենք մեր սիրեցեալ մօր, մեծ մօր, մեծ մեծ մօր, քրոջ եւ հարազատին՝ Մարի Չէքեանի մահը, որ պատահեցաւ Ուրբաթ, 1 Մարտ 2024ին, յետ կարճատեւ հիւանդութեան։
Յուղարկաւորութեան արարողութիւնը պիտի կատարուի Շաբաթ, 9 Մարտ 2024ին, առաւօտեան ժամը 10ին, Օրենճ Քաունթիի Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ մէջ, 5315 W. McFadden Ave., Santa Ana, CA 92704, ապա թաղումը՝ Harbor Lawn-Mt. Olive Memorial Park գերեզմանատան մէջ, 1625 Gisler Ave., Costa Mesa, CA 92626:
Սգակիրներ՝
Դուստրը՝ Արաքսի Այգանեան
Զաւակը՝ Վահէ եւ Հերմինէ Չէքեան
Դուստրը՝ Նեկտար եւ Գօգօ Գալայճեան
Քոյրը՝ Լուսին (Պաղտոյեան) Գիրիշեան (Լիբանան)
Թոռները՝ տոքթ. Հայկուշ Գալինեան
Մարալ Գալինեան եւ Ճէյսըն Լիի
Րաֆֆի Գալայճեան եւ զաւակները
Շանթ եւ Լիսա Տաքէսեան եւ զաւակները
Տիգրան եւ Դալար Չէքեան եւ զաւակը
Արէթ եւ Լարա Արամեան
Եւ համայն Պաղտոյեան, Չէքեան, Գալայճեան, Այգանեան, Մորոյեան, Տաքէսեան, Շիրիքեան, Թերզեան եւ Արամեան ընտանիքները, հարազատներն ու բարեկամները
Փոխան ծաղկեպսակի նուիրատուութիւնները կը խնդրուի կատարել ARS Karni Chapter, Armenia Scholarship Fund, P. O. Box 2303, Mission Viejo, CA 92690, կամ Charlie Keyan Armenian Community School-ին, 108 N. Villa Ave., Clovis, CA 93612, կամ Massis Weekly Armenian newspaper, 1060 N. Allen Ave., Pasadena, CA 91104):
ՄԱՐԻ ՉԷՔԵԱՆի մահուան տխուր առիթով, ՀՕՄի Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութիւնը, Ընկերային ծառայութիւններու գրասենեակի եւ Հոգեբանական կեդրոնի տնօրէնութիւններն ու պաշտօնէութիւնը իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն հանգուցեալի դստեր՝ ՀՕՄի Շրջանային վարչութեան նախկին անդամուհիներէն Արաքսի Այգանեանին, ընտանեկան պարագաներուն եւ համայն հարազատներուն։