Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններու աճող լարուածութեան լոյսին տակ, 5 Մարտին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներ Արարատ Միրզոյեանն ու Սերգեյ Լաւրով հեռաձայնային զրոյց մը ունեցան։
Հեռաձայնային զրոյցը, ըստ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, տեղի ունեցաւ ռուսական կողմին նախաձեռնութեամբ:
Միրզոյեան եւ Լաւռով քննարկեցին երկկողմ եւ տարածաշրջանին վերաբերող հարցեր: