ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ, «Նոյեան Տապան».- Ամերիկեան «USA Today» օրաթերթը պիտի հրատարակուի նաեւ Հայաստանի մէջ: Թերթի սեփականատէրերը որոշած են հրատարակել շաբաթաթերթ, որ կազմուած ըլլայ շաբթուան ընթացքին հրատարակուած թերթի նիւթերով: Շաբաթաթերթը պիտի կոչուի «USA Today Abroad»:
«Կանէթ» եւ «Թրիպիւն» ընկերութիւնները, որոնք համատեղ պիտի իրականացնեն այս նախագիծը, կը յայտնեն, որ արդէն այս Հինգշաբթի օրը, «USA Today» նոր շաբաթաթերթը իր առաջին թիւը պիտի ուղարկէ Հայաստանի հրատարակիչներուն:
Տեղեկութիւններուն համաձայն, շաբաթաթերթը պիտի հրատարակուի նաեւ Իսրայէլի, Մեքսիքայի, Արժանթինի եւ Էքուատորի մէջ: