Մեզ չզարմացուց անշուշտ, երէկ առաւօտեան հեռատեսիլի CNN կայանի հերթական լարախաղացութիւնը, երբ ինքզինք «հաւասարակշռուած» ցոյց տալ փորձող այդ հաստատութիւնը լայնքին-երկայնքին սկսաւ փողահարել, թէ Հայկական Ցեղասպանութեան բանաձեւը «վտանգուած է»:
Եւ իբրեւ «փաստ», կայանը կարճ հարցազրոյցի հրաւիրած էր քոնկրէսական Ռապըրթ Ուեքսլըրը, որ ուրիշ մէկը չէ, եթէ ոչ Ներկայացուցիչներու տան մէջ ամերիկա-թրքական բարեկամութեան համախմբումի ղեկավարներէն մէկը: Դժուար չէր ենթադրելը, թէ Ուեքսլըր պիտի ըսէր՝ գիտէք, հիմա ժամանակը չէ, ասիկա պատմական հարց է եւ մեզի չի վերաբերիր, մենք պէտք է օգնենք, որ սահմանները բացուին, Հայաստան-Թուրքիա կապերը բնականոն դառնան եւ, գիտէ՞ք ինչ, Մ. Արեւելքը տագնապալի կացութեան մէջ է՝ Իրաքը, պաղեստինեան հարցը, «Համաս»ը, Լիբանանը, եւ այս բոլորին մէջ Թուրքիան մեր հաւատարիմ դաշնակիցն է, մեր բանակի պարենաւորումը Թուրքիայէն կ’անցնի եւայլն:
«Հաւասարակշռուած» կայանը այս ձեւով ըսել ուզեց՝ ձեզի չըսի՞նք, որ բանաձեւը վտանգուած է, տեսէք, թէ ինչ կ’ըսէ Ուեքսլըր: Յար եւ նման այն առածին, որ երբ աղուէսէն վկայ ուզած են, ան պոչը ցոյց տուած է:
Սակայն ճակատը յստակ է, խրամատները՝ նոյնպէս: Մէկ կողմը կը գտնուի Թուրքիան՝ իր վարձկան լոպպիիստներով, Սպիտակ տունով ու նախագահով, պետական քարտուղարութեամբ, պաշտպանութեան նախարարութեամբ, զինուորական-պաշտպանական ճարտարարուեստի հսկայ ընկերութիւններով, իսկ միւս կողմը՝ ամերիկահայութիւնը, իր բարեկամ քոնկրէսականներով:
Այս կացութեան մէջ, իւրաքանչիւր ամերիկահայու պարտականութիւնն է հեռաձայնել իր քոնկրէսականին. եթէ ան արդէն իսկ կը զօրակցի բանաձեւին, զայն քաջալերել, որ ամուր մնայ իր կեցուածքին վրայ: Եթէ վարանումի մէջ է, պահանջել անկէ, որ զօրակցի արդարութեան: Իւրաքանչիւր ամերիկահայ պէտք է հեռաձայնէ այս կամ այն նահանգը բնակող իր հարազատներուն, բարեկամներուն, հայ եւ ոչ հայ ընկերներուն, որպէսզի իւրաքանչիւր տունէ հեռաձայններ տեղան բոլոր քոնկրէսականներուն: Անոնց հեռաձայնի թիւերը կարելի է ստանալ Հայ Դատի Յանձնախումբի գրասենեակներէն եւ anca@anca.org կայքէջէն:
Պէտք չէ յապաղիլ, ասիկա խրամատներու պայքար է յանուն արդարութեան, յանուն ճշմարտութեան: