Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը իր զայրոյթը արտայայտեց Ֆրեզնոյի «Մասիս-Արարատ» հայկական գերեզմանատան մէջ հրկիզումներու դէպքերուն գծով: Ֆրեզնոյի գերեզմանատունը, որ հիմնուած է 1885ին, Միացեալ Նահանգներու մէջ հայկական ամէնէն հին գերեզմաննոցն է եւ Սողոմոն Թեհլիրեան, Վիքթոր Մաղաքեան եւ Ուիլեըմ Սարոյեան հոն թաղուած են։
Ըստ գերեզմանատան տնօրէնութեան ունեցած տուեալներուն՝ անյայտ հրկիզող մը 13 Ապրիլին, գլխաւոր մուտքի երկայնքին հրկիզեց 8 ծառեր եւս: Այս միջադէպը իր վեցերորդն է Յունուարէն ի վեր եւ անոնց պատճառով գերեզմաննոցին մէջ հրկիզուեցան 19 ծառեր, ինչ որ կը վկայէ. որ այս միջադէպերը հայերու դէմ ատելութեան ոճիրի տարր կը պարունակեն։ Նորագոյն հրկիզումը կատարուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան ոգեկոչումէն եւ Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանին մօտ ամէն տարի տեղի ունեցող աւանդական արարողութենէն 11 օրեր առաջ։
««Մասիս» հայկական գերեզմանատան վրայ այս նողկալի յարձակումները յստակօրէն ցոյց կու տան, որ հակահայ տրամադրութիւնները սպառնալիք են քաղաքացիներու ապահովութեան եւ յատկապէս Ֆրեզնոյի ամերիկահայ համայնքին։ Տեղական իշխանութիւնները պէտք է հետաքննեն 6 միջադէպերը, որոնք պատահեցան 2024ի սկզբէն ի վեր, եւ երաշխաւորեն, որ յանցագործութիւններու այս շարանը գործնական լուծում մը ստանայ, յանցագործ(ները) պատասխանատուութեան ենթարկուին, եւ ամերիկահայ համայնքը վնասուց հատուցում ստանայ», ըսաւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Օշին Յարութիւնեան:
«Կեդրոնական Քալիֆորնիայի Հայ Դատի յանձնախումբի անդամները մօտէն կը գործակցին «Մասիս-Արարատ» հայկական գերեզմանատան վարչութեան եւ տեղական իշխանութիւններուն հետ՝ բացայայտելու հրկիզումներուն պատճառը եւ երաշխաւորելու Ֆրեզնոյի մեր համայնքին ապահովութիւնը», աւելցուց Կեդրոնական Քալիֆորնիայի Հայ Դատի յանձնախումբէն Րաֆֆի Շխրտմեան՝ աւելցնելով. «Հայ համայնքը կ՛ակնկալէ, որ քաղաքին պաշտօնատարները եւ ոստիկանութիւնը ձեռնարկեն բոլոր միջոցներուն՝ կանխելու այս գերեզմանատան վրայ ապագայ յարձակումները»:
Յիշեցնենք, որ այս լուրը հաղորդած տեղական «Ֆաքս 26» կայանը եւս հետաքրքրուեցաւ՝ հարցնելով, թէ արդեօք այս հրկիզումները ատելութեա՞ն ոճիրներ են՝ աւելցնելով, թէ ցարդ ոչ ոք ձերբակալուած է եւ թէ արձանագրուած վնասին նախահաշիւը շուրջ 25,000 տոլար է: