Հայաստանի մօտ Իրանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Մեհտի Սոպհանի 16 Ապրիլին, լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին հաստատեց, որ Հարաւային Կովկասի մէջ անկայունութեան գործօններէն մէկը Իսրայէլի վարչակարգն է, որ, բացի տարածաշրջանին մէջ ռազմամոլութիւն զարգացնելու փորձէն՝ կը փորձէ նաեւ լարուածութիւն ստեղծել Իրանի եւ տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ։
Ըստ անոր՝ եթէ մէկ կողմէ ռազմատենչութիւնը կը զարգանայ, միւս կողմէ կ՛աւելնայ բախումներու վտանգը: «Իսկ բախումներու թիւի աճը կ՛առաջնորդէ ապակայունացման եւ կը սպառնայ ապահովութեան: Ասիկա կ՛ազդէ տարածաշրջանի ժողովուրդներուն, ինչպէս նաեւ Իրանի վրայ: Ակնյայտ է, որ Իսրայէլի վարչակարգը կը փորձէ լարուածութիւն ստեղծել Իրանի եւ տարածաշրջանի երկիրներուն միջեւ, որովհետեւ այս վարչակարգը մեր թշնամին է», ըսաւ Սոպհանի:
Ան յայտնեց, թէ ինք յոյս ունի, որ տարածաշրջանի ժողովուրդները այնքան խոհեմ կը գտնուին, որ բախումներ չեն սկսիր տարածաշրջանի որեւէ երկրի հետ:
«Արտաքին քաղաքականութեան մէջ խոհեմութիւնը այն է, որ դրացիներու եւ այլ երկիրներու հետ յարաբերութիւններուն պէտք է երկարաժամկէտ մօտեցումով նայիլ: Կը կարծեմ, թէ տարածաշրջանի երկիրները այդպիսի ըմբռնում ունին, եւ անոնք տարածաշրջանի կեանքը չեն ենթարկեր սիոնական վարչակարգի արկածախնդրութեան», աւելցուց Սոպհանի։
Ան նաեւ պարզաբանեց, թէ զո՛վ կը նկատեն ոչ տարածաշրջանային ուժեր, որոնք պէտք չէ միջամտեն Հարաւային Կովկասի գործերուն։
«Արտտարածաշրջանային ուժերուն մասին խօսելու ատեն նկատի ունինք ովկիանոսէն միւս կողմ գտնուող երկիրները, որոնք ժողովրդագրական հարցերու դէմ յանդիման չեն կանգնիր։ Անոնք կու գան եւ կը փորձեն որոշումներ տալ այս տարածաշրջանի ժողովուրդներուն համար», ըսաւ Սոպհանի՝ մանրամասնելով, որ խօսքը եւրոպական որոշ երկիրներու եւ Միացեալ Նահանգներուն կը վերաբերի։
Սոպհանի նաեւ դիտել տուաւ, որ տարածաշրջանային երկիրներ կը նկատուին Հայաստան, Վրաստան, Ատրպէյճան, Իրան, Ռուսիա եւ Թուրքիա:
«Ռուսիան սահման ունի Կովկասի հետ, անիկա չի նկատուիր ոչ տարածաշրջանային երկիր», աւելցուց Սոպհանի։