16 Ապրիլին, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածինի մէջ ընդունեց Հայաստանի մէջ Եւրոպական Միութեան քաղաքացիական դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Մարքուս Ռիթըրը:
Կաթողիկոսը ողջունեց անոր այցելութիւնը, եւ հանդիպումը պատեհ առիթ նկատեց ծանօթանալու Եւրոպական Միութեան դիտորդական առաքելութեան առջեւ դրուած հարցերուն:
Գարեգին Բ. իր մտահոգութիւնը յայտնեց ներկայի լարուածութեան եւ սահմանամերձ բնակավայրերու ժողովուրդին ապահովութեան գծով` ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի ոտնձգութիւնները եւ առաջադրուող պահանջները ապահովական նոր մարտահրաւէրներու դէմ յանդիման կը դնեն Հայաստանը, նաեւ վտանգելով խաղաղութեան հաստատման բանակցային գործընթացը:
Կաթողիկոսը գնահատեց բոլոր այն ջանքերը, զորս տիրող դժուար իրավիճակին մէջ բարեկամ երկիրներու եւ միջազգային կառոյցներուն աջակցութեամբ կը գործադրուին՝ ի նպաստ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան վերականգնման:
Իր կարգին Ռիթըր վեհափառին տեղեկութիւններ փոխանցեց դիտորդական առաքելութեան գործունէութեան եւ սահմանային իրավիճակին վերաբերեալ` վստահեցնելով, որ առաքելութեան կողմէ կարելին կը գործադրուի ` նպաստելու սահմանային լարուածութեան նուազեցման եւ Հայաստանի սահմանամերձ շրջաններուն մէջ կայունութեան հաստատման։