Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի ըսաւ, որ Իսրայէլը պաշտպանելու՝ դաշնակիցներուն վճռական գործողութիւնները կանխարգիլեցին Իրանի «ահաբեկչութիւն»ը եւ Իսրայէլի ենթակառոյցներու կորուստը: Ըստ անոր՝ կարելի է նոյնը ընել պաշտպանելու համար Ուքրանիան, որ Իսրայէլի նման ՆԱԹՕի անդամ չէ:
Ըստ Զելենսքիի՝ ռուսական յարձակումներու սաստկութիւնը կը պահանջէ դաշնակիցներու աւելի մեծ համախմբում մը, որուն համար «բաւական է միայն քաղաքական կամք դրսեւորել»: