17 Ապրիլին, Փարիզի Ողիմպիական խաղերու ջահը վառուեցաւ Յունաստանի Ողիմպիա բնակավայրին մէջ: Ջահը վառող «քրմուհի»ն այնուհետեւ վառեց ջահը Սթեֆանոս Նթուսքոսի, որ Յունաստանի Ողիմպիականի թիավարութեան ախոյեանն է` դառնալով ջահարշաւին առաջին մարզիկը, որ կարճ վազքէ մը ետք ջահը փոխանցեց ֆրանսացի 3 անգամ ողիմպիականի ախոյեան (լողարշաւի) Լոր Մանոտուին՝ իբրեւ ներկայացուցիչ ֆրանսական խումբին: Արշաւը պիտի տեւէ 68 օր եւ պիտի աւարտի Փարիզի մէջ` վառելով Ողիմպիական պաշտօնական խաղերու ջահը` բացման հանդիսութեան ընթացքին:
Փարիզի Ողիմպիականը, որ 33րդ Ամառնային Ողիմպիականն է, պիտի սկսի 26 Յուլիսին եւ պիտի աւարտի 11 Օգոստոսին: