ՈՒԵՍԹՈՒՈՒՏ, Քալիֆորնիա.- Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ գործող «Խոստումը» Հայկական հիմնարկին կազմակերպած՝ հանգուցեալ փրոֆ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանին եւ անոր իրագործումներուն նուիրուած միօրեայ գիտաժողովը տեղի ունեցաւ 6 Ապրիլին, համալսարանին «Մոնկ» կեդրոնին մէջ, ներկայութեամբ առաւել քան 250 մասնակցողներու։
«Յիշելով Փրոֆ Ռիչըրտ Յովհաննէսեանը» խորագրուած գիտաժողովին ընթացքին ելոյթներ ունեցան 35 նախկին ուսանողներ, պաշտօնակիցներ, բարեկամներ եւ ընտանեկան պարագաներ եւ ցուցադրուեցան փրոֆ. Յովհաննէսեանի երկար տարիներու գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող տեսանիւթեր, որոնք պատրաստուած էին դոկտ. Յովհաննէսեանի դստեր՝ Անի Յովհաննէսեան Գէորգեանի կողմէ։
Համալսարանին Հայկական Երաժշտութեան ծրագիրը եւս մասնակցեցաւ ձեռնարկին՝ ներկայացնելով հայկական ժողովրդային երաժշտութեան կտորներ, մասնակցութեամբ Յասմիկ Յարութիւնեանի եւ Վարդան Պաղտասարեանի։
Անցեալ տարուան Յուլիսին մահացած դոկտ. Յովհաննէսեան Միացեալ Նահանգներու մէջ հայագիտութեան եւ յատկապէս պատմագիտութեան ոլորտին մէջ յատկանշական իրագործումներու հասած էր։ Ան մօտաւորապէս 50 տարիներ դասաւանդած է Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ, հանդիսանալով համալսարանին մէջ հաստատուած Հայ կրթական հիմնարկութեան Արդի հայոց պատմութեան ամպիոնի առաջին տնօրէնը (1987-2011): Այս պաշտօնէն հեռանալու՝ անոր որոշումէն ետք, ամպիոնը կոչուեցաւ անոր անունով: Անոր գլուխ գործոցը կը նկատուի «Հայաստանի Հանրապետութիւնը» քառահատորը: Ան հեղինակած կամ խմբագրած է առաւել քան 30 հատորներ, որոնցմէ վեցը նուիրուած են Հայոց Ցեղասպանութեան, իսկ 15ը` Հայաստանի պատմական նահանգներուն: Ան կենսական դերակատարութիւն ունեցած է Քալիֆորնիոյ հանրային վարժարաններուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը դասաւանդելու ջանքերուն մէջ: 1972ին, ան Քալիֆորնիոյ համալսարանի Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին մէջ առաջին անգամ ըլլալով դասաւանդեց Հայոց Ցեղասպանութեան վերապրողներու վկայութեան նուիրուած դասանիւթը եւ յաջորդող 40 տարիներուն առիթ հանդիսացաւ ի մի բերելու առաւել քան 1000 վերապրողներու վկայութիւնները, անոնց հետ կատարուած հարցազրոյցներու ճամբով:
Գիտաժողովը կարելի է դիտել՝ այցելելով կայքէջը։